Caucasus Heritage Watch հրապարակած նոր զեկոյցին մէջ յայտնած է, որ Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղին մէջ ատրպէյճանցիները աւերած են հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին (18-19 դդ.), գիւղը նոյնպէս մեծ աւերի ենթարկուած է։