Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդակերտման հնոց Դպրեվանքը, պաշտօնական հանդիսութեամբ մեկնարկեց իր 2022-2023 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը, հանդիսապետութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճին մէջ։

Նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ յիշեց, որ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը նշելով կը յիշատակենք նուիրեալ մեր հայրերը, որոնց շնորհիւ ներկայիս մենք կ՚ապրինք մեր ազգային ինքնութեամբ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհարանի դահլիճին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի 2022-2023 ուսումնական-կրթական տարեշրջանին։

Հուսկ, Հայրապետը ուղղեց իր պատգամը։ Առաջին հերթին ան ընդգծեց, որ Թարգմանչաց տօնը ազգային ու եկեղեցական տօն ըլլալու կողքին նաեւ մշակոյթի եւ կրթութեան տօն է, որովհետեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցի-մշակոյթ-կրթութիւն-հայրենիք դարձած են մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն՝ հիմնական նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդին ինքնութեան պահպանումը։

Ինչ կը վերաբերի մեր հայրապետներուն բնորոշումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բաբախող սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքին, Հայրապետը առանձնացուց անոր իւրայատուկ դերակատարութիւնը հայ դպրոցին առընթեր։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Դպրեվանքին քայլերգով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով։