2021 – 2022 տարեշրջանի ԱՔԵ ճեմարանի տարեկան գիրքի ցուցահանդէսը հետաքրքրական էր:
Ցուցահանդէսին նպատակն էր աշակերտները ծանօթացնել գիրքերու ընդարձակ աշխարհին եւ քաջալերել ընթերցանութիւնը: Ինչպէս բոլոր աշակերտները, ես ալ քաջալերուեցայ գիրք մը առնելու եւ ընթերցելու։ Անցեալ տարի կարդացի Սալբի Քէլէճեան-Եթերեանի թարգմանած գիրքերէն մէկը՝ «Գունաւոր Նիւթեր»-ը։ Այս տարի կարդացի «Տեսանկիւն»-ը , «Ապրիլ՝ Խոկալով Ու Զգալով»-ը եւ «Կեանքի Նկատմամբ»-ը, որոնք շատ հաճելի ու սրտիս խօսող գիրքեր էին։
Երբ վերոնշեալ գիրքերէն երրորդը ընթերցեցի, կեանքի նկատմամբ տեսակէտս բոլորովին փոխուեցաւ։
Գիրքը կը պատմէր, թէ օր մը տարեց մարդ մը իր աշակերտները հաւաքելով հարց կու տայ անոնց.
-Եթէ գիտնայիք, որ վաղը պիտի մահանաք, այսօր ի՞նչ կընէիք:
Ամէնէն երիտասարդը կ’ըսէ.
-Կարծեմ կը հաշտուէի մօրս հետ, որուն հետ երեք ամիսէ ի վեր չեմ խօսիր:
Ուրիշ մը.
-Տիկնոջս, քեզ կը սիրեմ կ’ըսէի, որովհետեւ մեր ամուսնացած օրէն ի վեր անոր սէրս չեմ յայտնած։
Տարեց մարդը անոնց դառնալով կ՛ըսէ .
-Այս բոլորը ընելու համար ինչո՞ւ մահուան կը սպասէք։
Երբ առաջին անգամ կարդացի այս տողերը, սթափեցայ եւ ըմբռնեցի անոնց իմաստը: Ես ալ ինքզինքիս հարց տուի, թէ ես ինչ կ’ընէի…: Հաւատացէ՛ք մտքիս մէջ կազմուեցաւ ընելիքներու այնպիսի սիւնակ մը, որուն բոլոր մանրամասնութիւնները մինչեւ օրս գործի չվերածեցի:
Այս պատմութենէն իմացայ ժամանակի կարեւորութիւնն ու արժէքը։ Մեր կեանքին մէջ ետդարձ չունեցող երեք բաներ կան՝ ժամանակ, խօսքեր եւ առիթներ։ Ժամանակը մէկու մը համար կանգ չ’առնէր, ուստի իւրաքանչիւր վայրկեանիդ արժէքը գիտցի՛ր, զանոնք յատուկ անձերու հետ բաժնեկցէ, որպէսզի շատ աւելի օգտակար ըլլան։
Սէրլի Մկրտիչեան