Էրզրումը (Կարինը), Եփրատն ու Արածանին
Կրկի՛ն, անհրաժեշտաբար հրաժեշտ տալէ ետք պատմական հպարտութիւն դարձած մեր Տիգրանակերտին եւ մեր քրիստոնէավայել հաւատքով նորոգուելէ ետք Ս.Կիրակոս եկեղեցւոյ օրհնութեամբ, մեր առաջնորդը յայտարարեց, որ կը մօտենանք մեր պատմական բերդաքաղաքին՝ Էրզրում նահանգի Խնուսի գաւառակին: Խնո՜ւս, Խնո՜ւս… ինքնապաշտպանական մարտեր, Հայոց Մեծ Եղեռն, թալան… Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ու մաքառումներու ամենամռայլ էջը վերյիշելով եւ հայրենասիրական խրախուսիչ երգերով յառաջացանք Սեւերեկի նորակառոյց, բարձրայարկ շէնքերով եւ«մաքուր» փողոցներով, ուր նաեւ հայրենասէրի նախանձով նկատեցի, թէ ներքին ապահովութիւնը ստանձնած թուրք զինուորականը ինչպիսի հանդերձանքով եւ զէնքով կանգնած էր ինքնավստահ…
Ա՜հ, որքան կ’ուզէի տեսնել այս բոլորին արժանի, հայրենիքիս պաշտպան հայ զինուորը այստեղ… Ափսո՜ս, ժամանակ չունինք, կամ հետաքրքրուած չենք հայ զինուորին ապահովութեամբ մտահոգուելու… (Է՛հ նուիրումդ մեծ, կորուստդ առաւել մեծ, մեր առաքինի՛, հայ մարտիկ)
Գիշերեցինք Սեւերեկ: Յաջորդ առաւօտ կանուխ մեր շրջապտոյտը սկսած էր Սարիղամիշով, Պաթմանի կամուրջով եւ դէպի հին քաղաք,  ուր կիսաքանդ եկեղեցիներու եւ լքուած մատուռներու ցածլիկ գմբէթներուն վրայ մամուռը իր հանգիստը գտած էր՝ դար մը եւ աւելի…ի՜նչ խօսք. «վա՜յ»-երով, «վո՜ւյ»-երով հասած էինք նեղ փողոց մը, ուր նշմարեցինք բարձր պարիսպներով «բնակարան» երեւոյթի մը, որ առաջին նայուածքով «անբնակելի» կարծեցինք: Անոր փայտեայ խոշոր դուռը փակ էր: Դուրսէն դիտել եւ ափսոսալը բաւարար չէր կարծէք, երբ նա՛յուածքս սեւեռեցի դրան վրայ հազիւ երեւցող, կարմիրով գծուած «խաչ»-ի նմանող բանի մը.. «Խնդրե՛մ, կանգ առէ՛ք», բացագանչեցի եւ նետուեցայ հանրակառքէն դուրս… Ի յայտ եկաւ, որ խաչի նշանը իր անտեսանելի շարունակութիւնը ունէր, որ ցոյց կու տար թիւ չորս թուանշանը: Այդ պահուն, ինծի հետեւող մեր խումբը շուարած էր, սակայն ես յուսահատած չէի. փակ դրան ճեղքէն նշմարեցի տան ներքին պարտէզին խնամուած ըլլալը եւ առանց վարանելու դուռը ուժգին հրեցի ու բացի…Տարեց մարդ մը աթոռին վրայ  նստած, իր ծխախոտէն բարձրացող ծուխերուն հետ տարուած էր մտքերով, երբ յանկարծ նշմարեց զիս եւ ինծի հետեւող խումբը: Պաղարիւն քայլերով մօտեցաւ եւ հարցուց, թէ ովքե՛ր ենք:
Արիւնս սառած էր: Տան չորս բոլորը կը դիտէի… այս մեծ շրջափակին մէջ վստահ նահապետական հայ ընտանիք մը կ’ապրէր իր որդիներով, հարսներով, թոռներով եւ ծոռներով…
-Ո՞վ կ’ապրի այս տունը, հարցուցի:
-Մե՛նք:
Յանկարծ,դիմացի դրնէն երիտասարդ մանկամարդուհի մը տատամսոտ քայլերով ու անհաւատալի մեղմ ժպիտով մը բարեւեց եւ հարցուց թրքերէնով.
-Ինչպէ՞ս կրնամ օգնել ձեզի:
Հարցս կրկնեցի եւ աւելցուցի.
-Իսկ ձեզմէ առաջ ո՞վ կը բնակէր հոս:
-Պապերս:
-Իսկ աւելի առաջ որո՞ւ կը պատկանէր այս տունը,- վերջապէս հարցուցի, ինչ որ կուզէի գիտնալ… ու սիրտս տրոփել սկսաւ:
-Սիզ Էրմինի սընը՞զ… (դուք Հա՞յ էք):
-Այո,- ըսի եւ շունչս բռնած հետեւեցայ իր խօսքին:
-Իմ մեծ մայրս, 13 տարեկան հայ աղջնակը, քիւրտ մեծ հօրս կնութեան առնուած ու քրտացած էր…ընտանիքի միւս անդամները արտերկիր գացած եւ երբեք չէին միացած անոր: Մեր ընտանիքը ամբողջութեամբ քիւրտեր են, ես ալ քրտուհի եմ…,- բայց նկատելով անզուսպ յուզումս զգացնել տուաւ, որ հոս հայու դրոշմ մը կայ… ու  շարունակեց,- Իմ մէջ քու արիւնէն կայ (Էրմէնի քանը վար), եւ համարձակ յուզումով մը փաթթուեցաւ ինծի:
Որպէս անցեալի հարազատ վերջապէս ըսի անոր,- խնդրե՛մ, հետագային, (ամուսնացած չէր տակաւին) զաւակներուդ պատմէ ինչ որ գիտես: Պարտական ես մեծ մօրդ յիշատակին…
Ան սիրով ու իրեն հարազատ ժպիտով մը հաստատեց համաձայնութիւնը եւ… հրաժեշտ տուինք հայկական հետքի մը եւս…:
Ճամբան, մեզի անծանօթ, պարտադրաբար քրտացած պարմանուհիին մասին մտածելով հասանք ահեղավազ Եփրատի կամրջակին, որուն բուռն հոսանքին հետ կարծէք կը լսէինք խեղդամահ մեր հայուհիներու կանչն ու յաւերժ Լ-ռ-ռւ-թ-ի-ւ-ն-ը…Գետը իր պատմութիւն ունի…:
Աւելի վեր, կանգ առինք «հովիւի կամուրջ»-ին մօտ, որ այդ շրջանին  առաջին կամուրջն էր՝ կառուցուած հայ հովիւի մը ձեռքով, որ ծանօթ էր «վերին Բասիան» գաւառակ անուամբ: Շրջանը գունագեղ դաշտեր ունէր: Կանաչի կողքին՝ մանիշակագոյնն ու դեղինը եւ տեղ-տեղ կարմիր կակաչները կը փորձէին բարձր տրամադրութիւն ներշնչել, իսկ հովիւին նուագը քաղցրօրէն կը հնչէր…որքա՜ն սէր ու երազա՜նք, այդքան ցա՜ւ ու տառապանք ապրած հայ հովիւը տակաւին իր նուագով կը սփոփէր ինքզինք եւ կը փորձէր խաղաղեցնել իրեն վստահուած հօտը:
Անցանք Կիլիկիոյ Ուրֆա նահանգի Սարիղամիշ (Եղեգնիկ) քաղաքով, ապրելով Կիլիկիոյ ջարդի ու մեր բնիկ ժողովուրդի տեղահանութեան ու աքսորի ճամբուն՝ սարսափը… Ընդվզումով վերյիշեցինք շարունակուող ջարդը Հայաստանի սահմանին, Արցախի մէջ: Ջարդ, որ նոր ոճով բւ հրահանքով, բայց նոյն նպատակով կը շարունակէ խլել մեր ափ մը հայրենիքի մարտունակ երիտասարդութիւնը:
«Է՜հ, մեր  ճ-ա-կ-ա-տ-ա-գ-ի՞-րն է այս»,- կը մտածեմ:
Դէպի Կարս եւ Արտահան, Անի եւ Ախուրեան, դէպի ծովակն Վանայ ու Վան, Մուշ ու Տիգրանակերտ, Սեւերեկ, Եփրատ ու Արածանի, վանքեր ու սարեր, խալտեան լեռներ ու Նեմրութ, մեր դաշտերն ու ձորերը տեսնելով մեր ուխտը նորոգեցինք… լուռ խոստանալով՝ «Մենք ձեզ երբե՛ք չենք մոռանար ու միշտ կը յիշենք»…:
Եւ վերջապէս անհրաժեշտաբա՛ր հրաժեշտ տուինք մեր նախնեաց հայրենիքին, ուր հասայ կեանքիս երազներուն ճամբաներով…:
(Շար.3 եւ վերջ)
Սոնա Մատարեան