Anadolu լրատու գործակալութեան փոխանցումով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, լրագրողներուն յայտնելով իր կարծիքը Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին մասին, յայտնած է.
«Զանգեզուրի միջանցքին գծով հարց չեմ տեսներ»։
Թուրքիոյ ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Փրակի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի առաջին հանդիպումին ընթացքին զրուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

«Նեղ կազմով հանդիպում ունեցանք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, (Ատրպէյճանի նախագահ) Իլհամ Ալիեւի եւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ։ Հանդիպում ունեցանք նաեւ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։ Ես Զանգեզուրի միջանցքին առնչութեամբ հարցեր չեմ տեսներ», ըսած է Էրտողան։