Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է հայաստանցի իր գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպելու պատրաստակամութեան մասին։

Ան ըսած է Թրքալեզու Պետութիւններու Կազմակերպութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարներու խորհուրդի արտահերթ նիստէն վերջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Չաւուշօղլուի խօսքին համաձայն, հանդիպումին ամսաթիւին եւ մանրամասնութիւններու քննարկումը կրնայ տեղի ունենալ Անգարայի եւ Երեւանի՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումի ընթացքին:

Յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումի վայրն ու ժամը, իրենց կարգին, պիտի համաձայնին մօտ ժամանակներս: