Օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 28-29 Սեպտեմբեր 2022ին, յանուն Կաթողիկոսութեան, Երեւանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին նախաձեռնած երկօրեայ գիտաժողովին, ուր զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրահրատարակչական առաքելութեան պատմական ընթացքին եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Զեկոյցը զիրար ամբողջացնող հինգ մասերէ կը բաղկանար՝ սկզբնաւորութիւնը, բաժանմունքները (յաջորդաբար նկարագրելով գիրին ու գիրքին աղերսուած մշակութային գլխաւոր հաստատութիւնները), արդիւնքները, հրատարակչական հիմնադրամները եւ մեր կատարելիքները: Սրբազան հայրը յիշեցուց, որ թեմերը եւս իրենց հրատարակչական աշխատանքները կ’իրականացնեն Կաթողիկոսարանի առաքելութեան նո՛յն ոգիով: Զեկոյցը եզրափակելով՝ ան հարց տուաւ. «Ներկայ գիտաժողովի արդիւնքներով պիտի հասնի՞նք ընդհանուր պատկերացումով համապարփակ ծրագիրի մը, որով թէ՛ պահպանութիւնը մեր հոգեւոր-մշակութային հարստութեանց եւ թէ անոնց տարածումը (բոլորին դիւրութեամբ հասանելի ընելը), իրականութեան վերածուի» եւ փակեց՝ «յոյսով կը շարունակենք հաւատալ»:

Յիշեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին եւ Հ.Հ. Ազգային Գրադարանին միջեւ փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան Յուշագիրի կնքումէն ետք (2021), աշխոյժ յարաբերութիւններ կը շարունակուին եւ Ազգային Գրադարանը կը համալրուի Կաթողիկոսարանի տպագրած գիրքերով:
Սոյն գիտաժողովին մասնակցող օտարերկրացի ռուսախօս ներկայացուցիչներուն տրամադրուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառի հեղինակած «Հայ Եկեղեցին» անգլերէն գիրքին ռուսերէն թարգմանութիւնը: