(Ութերորդ Դասապահ)
Օրուան փորձառութիւնը դրամապանակ է
Ամսուան փորձառութիւնը՝ գանձանակ
Տարուան փորձառութիւնը՝ հարստութիւն
Կեանքի փորձառութիւնը՝ դրամատուն:
Օրուան աղօթքը կաթիլ է
Ամիսներու աղօթքը՝ հոսող ջուր
Տարիներու աղօթքը՝ մշտահոս ակ
Աղօթական կեանքը՝ օրհնութեան աղբիւր:
Օրական ըսի-ըսաւը գլխացաւ է
Ամիսով ըսի-ըսաւ ունենալը՝ սրտցաւ
Տարին ըսի- ըսաւով ապրիլը՝ տանջարան
Տարիներով ըսի-ըսաւով մնալը՝ տխուր վախճան:
Ամուրիութիւնը պղտոր պատկեր է
Նշանախօսութիւնը վարդագոյն է
Ամուսնութիւնը գունազարդ է
Ամուսնալուծումը սեւ երկինք է:
Օրական սիրելը դրական է
Ամիսով սիրելը՝ շահեկան
Ամբողջ տարին սիրելը՝ տօնական
Կեանք մը սիրելով ապրիլը՝ յաղթական:
Մեր մանկական պարզութիւնը եթէ մնար՝ թերեւս մանկութեան օրերը քիչ կը փնտռէինք։
Մեր եռանդը եթէ անսպառ մնար՝ երիտասարդութեան օրերը քիչ կը փնտռէինք։
Մեր խիղճը եթէ միշտ արթուն մնար՝ սխալներուն համար քիչ կ’ափսոսայինք։
Մեր սէրը եթէ անկեղծ ըլլար՝ հաշտութեան առիթները կ’օգտագործէինք։
Մեր եսը եթէ զուսպ ըլլար՝ ծառայող հեզերուն արժէքը կը գիտնայինք։
Մեր ապրած օրերուն չար ըլլալը եթէ ընդունէինք, աւելի բարիք կը սերմանէինք։
Գոհունակ սիրտ ունեցողը երախտապարտ հոգի ունի։
Ցանկութիւն սիրողը չար կիրքերուն ծառան է։
Մարմնական հաճոյքին համար ապրողը կը կորսնցնէ իր հոգիի խաղաղութիւնը, մտքի մաքրութիւնը եւ բարոյական վեհութիւնը։
Գերեզման այցելողը եթէ մոռնայ թէ Քրիստոս յարութիւն առաւ, սուգի տրտմութենէն կը յուսահատի։
Սպասել չենք գիտէր։ Տակաւին մեր մօրը որովայնին մէջ կը շարժէինք եւ լոյս աշխարհ գալ կ’ուզէինք։
Կամքը ճիշդ շարժելու մղիչ ուժ է, խիղճը չարիքը մերժելու յուշարարն է եւ միտքը՝ լաւը ընտրելու ուղեցոյցը։
Լեզուն միտքին համարձակ թարգմանն է։
Լեզուն սիրտին վիճակը պարզող հայելին է։
Շատ կարդացողը բառերու աշխարհը կը հարստացնէ։
Յարատեւ աղօթողը հոգեւոր ներաշխարհը կը հարստացնէ։
Մշտապէս սիրողը ուրիշին բեռը կը թեթեւցնէ։
Իր մեղքերը խոստովանողը ետ կանգնելու կարելիութիւնը կը գտնէ։
Հաւատքով ապրողը իր վարք ու բարքով շատերուն փրկութեան կը հրաւիրէ։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան