«Երկիր» – Թուրքիան Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմին հետևանքով բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն պիտի բանայ։

Anadolu գործակալութեան համաձայն, այս տեղեկութիւնը Ատրպէյճանէն վերադարձի ճամբուն լրագրողներուն յավտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան։

Յիշեցնենք, որ օրերս Թուրքիոյ եւ Ատդպէյճանի նախագահներ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը և Իլհամ Ալիեւը Արցախի բռնագրաւուած տարածքին մէջ կարմիր ժապաւէն կտրած են՝ նշելով Կովսականի (Զանգելան) միջազգային օդանակայանի բացումը: