Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ռուսական պատուիրակութիւն մը ընդունեց, նախագահութեամբ՝ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւի։
Պատուիրակութեան անդամները տեղեակ պահեցին նախագահ Ասատը այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի ապահովման շուրջ կայացած ռուս-սուրիական միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գծով տարուած տարբեր աշխատանքներուն։
Պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մեծ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ Սուրիոյ հետ յարաբերութեան եւ գործակցութեան զարգացման, աւելցնելով, որ ներկայիս Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութիւնը կ՚ընդգրկէ արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ ելեկտրական հատուածները, ինչպէս նաեւ ուսումնական եւ գիտական հետազօտութիւններու իրագործման ճիգերը։

Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհաւորանքը փոխանցեց նախագահ Փութինին՝ Տոնպաս, Խէրսոն եւ Զապարոճիա տարածաշրջանները Ռուսիոյ Հանրապետութեան միացուելուն առիթով, յայտնելով, որ Սուրիոյ ժողովուրդը Տոնպասի մէջ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններուն կը հետեւի այնպէս ինչպէս Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ զինուորական գործողութիւններուն կը հետեւէր, որովհետեւ Ռուսիոյ մղած պատերազմը պիտի նպաստէ միջազգային ուժերու հաւասարակշռութեան վերադարձին։