-Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արդիւնաբերութեան նախարար Զիատ Սապպաղ հանդիպում մը ունեցաւ Տոնեցքի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Նաթալիա Նիքոնորովնայի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ արդիւնաբերական յարաբերութիւնները զարգացնելու միջոցներուն եւ Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն լոյսին տակ արդիւնաբերական հատուածին դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։
-«RT Arabic»- Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2022-ին, Դամասկոսի Ժողովներու Պալատէն ներս ռուս-սուրիական ժողովներու 5-րդ շրջանը ընթացք առաւ։ Ժողովին գլխաւոր նպատակն էր այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի ապահովման գծով տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքներու սերտողութիւնը կատարել։
-«ՍԱՆԱ»- Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ցամաքային, ծովային կամ օդային սահմաններէ Սուրիա ժամանող ճամբորդները զերծ պիտի կացուցանուին պսակաձեւ ժահրի յայտնաբերման «PCR»-ի քննութիւն կամ միջազգային «Covid 19» պատուաստի փաստաթուղթ յանձնելէ։
-«ՍԱՆԱ»- Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2022-ին, ԱՄՆ-ի ուժեր, գործակցաբար քրտական «ՔԱՍԱՏ» զինեալ խմբաւորման հետ, Հասիչէի արեւելեան «Եաարոպիէ» արուարձանէն քարիւղ եւ ցորեն սեփականացուցած եւ 92 փոխադրակառքով հիւսիսային Իրաք փոխադրած են, անցնելով «Ալ Ուալիտ» ապօրինի միջանցքէն, որ յատկացուած է նման ապօրինի փոխադրումներու։
-«ՍԱՆԱ»- Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետրսընի հետ։ Կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ իրավիճակին վերջին զարգացումներուն եւ այլ կարեւոր հարցերու շուրջ։ Իր կարգին, Պետրսըն ներկայացուց կարգ մը երկիրներ իր այցելութեան մանրամասնութիւնները։ Այս առիթով, նախարար Մըքտատ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին, վերջ տալու Իսրայէլի, թրքական եւ ամերիկեան ուժերուն կողմէ Սուրիոյ վրայ շարունակուող յարձակումներուն։