Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, Իսրայէլ պաղեստինեան գրաւուած հողատարածքներէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ։
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով, զինուոր մը վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։