Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ի հարկէ, պէտք է, եւ մենք կ՛աջակցինք խաղաղ լուծման: Այս մասին 27 Հոկտեմբերին «Վալտայ» ակումբի ժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Ան նշած է, որ հայ ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը պէտք է ընտրեն, թէ ո՛ր տարբերակը իրենց պէտք է, սակայն, որեւէ տարբերակ, որ պիտի յանգեցնէ խաղաղութեան, ընդունելի պիտի ըլլայ Մոսկուայի համար:

«Մենք չենք պատրաստուիր որեւէ բան պարտադրելու, չենք կրնար եւ չենք պատրաստուիր Հայաստանին որեւէ բան թելադրել. եթէ հայ ժողովուրդն ու այսօրուան ղեկավարութիւնը որոշեն, որ պէտք է որոշ տարբերակ ընտրել, ինչքան գիտեմ` ուաշինկթընեանը, որ կը նախատեսէ Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչումը, ապա խնդրեմ», ըսած է Փութին` նշելով, որ Ռուսիան պիտի զօրակցի հայ ժողովուրդի որեւէ ընտրութեան:

Փութին նաեւ նշած է, որ եթէ Հայաստանն ու ներկայ իշխանութիւնը կը կարծեն, որ Ղարաբաղը ունի իր առանձնայատկութիւնները, զորս պէտք է հաշուի առնել եւ ներառել համաձայնագիրին մէջ, ատիկա նոյնպէս կարելի է քննարկել:

«Ասիկա շատ դժուար ու ծանր հարց է, Հայաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է, դաշնակիցն է, եւ մենք, նկատի առնելով Ատրպէյճանի շահերը, պէտք է կեդրոնանանք այն հարցերուն վրայ, որոնք Հայաստանը պիտի առաջարկէ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահը երէկ ՀԱՊԿ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիան անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ միշտ աջակցած է Հայաստանին:

«Ռուսիան կարելին կ՛ընէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման համար», նշած է Փութին:

Անոր համաձայն, Մոսկուա ահռելի քանակութեամբ կապեր ունի թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ, եւ ատիկա հաշուի չառնելը անկարելի է: «Անկասկած մենք բոլորս բաւական բարդ կացութեան մէջ ենք», շեշտած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ան ընդգծած է, որ ռուսական կողմը չի կրնար կողքէն հետեւիլ իր համար մօտիկ եղող երկիրներու միջեւ խնդիրներուն եւ հակասութիւններուն, ու պատրաստ է աջակցիլ անոնց խաղաղ լուծման: «Ընդհանուր առմամբ, մենք, անկասկած, հետաքրքրուած ենք, որ Հարաւային Կովկասը ըլլայ խաղաղ եւ կայուն զարգացող շրջան:

Անկասկած դէպի խաղաղութիւն տանող միակ կարելի եւ իրատեսական ճամբան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու յայտնի միացեալ յայտարարութիւններու բոլոր կէտերուն աներկբայ իրագործումն է: Հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, մարդասիրական խնդիրներու լուծման հարցերուն մէջ այդ համաձայնութիւններու հետեւողական իրագործման շնորհիւ կարելի է հասնիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման», եզրափակած է Ռուսիոյ նախագահը: