Ռուսիոյ Տումայի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Կոնստանդին Զաթուլին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնը, թէ իր Հայաստան մուտքը արգիլուած է:
«Ես ձեր նշած հրապարակումը չեմ կարդացած, սակայն այսօր առաւօտեան ստացած ենք նամակ մը, որուն բովանդակութեան տակաւին նոր ծանօթացած եմ: Նամակին մէջ կը յիշուին, որ իմ արտայայտութիւնները վնաս կը հասցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ որ այս պատճառով իմ մուտքը անբաղձալի է:
Ինչպէս կը հասկնամ՝ խորհրդարանի ներկայացուցիչը այսպէս պատասխանած է այն առաջարկներուն, որոնք անցեալ շաբաթ ուղարկած ենք պարոն Սիմոնեանին, անոր տեղակալին՝ փոխնախագահին, որ կը զբաղի հայ-ռուսական միջխորհրդարանական կապերով, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանին՝ անոնց հրաւիրելով մասնակցելու Լազարեան ակումբի նիստին, որ նպատակ ունէինք կատարել 28-29 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ կլոր սեղանի շուրջ՝ «Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու պատմական անցեալն ու ներկան» նիւթով:
Սակայն կը տեսնեմ, որ խորհրդարանի ներկայացուցիչները, հաւանաբար նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները ռուս-հայկական յարաբերութիւններու ո՛չ պատմական անցեալը, ոչ ալ ներկան կ’ուզեն քննարկել: Այս առնչութեամբ ասիկա առաջին միտքն է, որ կը ծագի միտքիս մէջ: Եւ ասիկա կ’երեւի ունի իր բացատրութիւնը, յատկապէս հաշուի առնելով այն գիծը, որով Հայաստանի իշխանութիւնները կը գնեն վերջին ամիսներուն: Կը հերքեմ այն ամէնը, ինչ որ նամակին մէջ գրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վնաս հասցնելու առումով: Եթէ գնահատելու ըլլանք Հայաստանին վնաս հասցնելը, կը կարծեմ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գտնենք մարդիկ, որոնք շատ աւելի մեծ վնաս հասցուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան, քան կրնայ հասցնել ո՛չ միայն Զաթուլինը, այլ նաեւ որեւէ այլ օտարերկրացի, կամ ինչպէս որ իմ պարագային՝ Տումայի երեսփոխանը»,- ըսած է քաղաքական գործիչը:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերուն չէ միջամտած, եւ հայկական լրատուամիջոցներու խնդրանքով մեկնաբանութիւններ կը կատարէ եւ միշտ առաւելապէս ազնիւ կ’արտայայտուի՝ հիմնուելով անձնական հայեացքներու վրայ: