Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Լաթաքիոյ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի կազմակերպած ասմունքի դասընթացքի շրջանաւարտներու ձեռնարկին, բեմը զարդարեցին համազգայնական տասը պատանիներ եւ երիտասարդներ։

Դասընթացքին կանոնաւոր հետեւելէ ետք, անոնք ներկայացան հանդիսատեսին եւ ասմունքեցին Լեւոն Շանթի, Համօ Սահեանի, Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւններէն:

Այս առիթով բացման խօսք արտասանեց վարչութեան անդամ Մալվին Քէօշկէրեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ դիտել տուաւ, որ ասմունքելով հայ պատանին կ՚առնչուի հայ գրականութեան ու գրողներու ներաշխարհին, ատով իսկ ըմբոշխնելով արժէքներ ու փորձելով իւրովի արտայայտել զանոնք։
«Այս նպատակը կը հետապնդէր Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, ձեռնարկելով ասմունքի դասընթացքը, տիկին Նայիրի Կարապետեան-Գաթրճեանի ղեկավարութեամբ», ըսաւ ան։
Ապա շնորհաւորեց եւ գնահատեց ուսուցչուհին, որ ջանք չխնայեց հայ պատանիին եւ երիտասարդին մէջ դրոշմելու հայ գրականութեան հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն։

Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացան պատանիներն ու երիտասարդները եւ իւրայատուկ ոճով հայ գրողներու գործերէն բազմերանգ ծաղկեփունջ մը հրամցուցին ներկաներուն:

Աւարտին Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան բարձր գնահատեց աշակերտներն ու վարչութիւնը Լաթաքիոյ մէջ նման ձեռնարկի մը կազմակերպման եւ իրականացման համար: Ան շնորհաւորեց ուսուցչուհին, մաղթելով որ այս դասընթացքը շարունակական բնոյթ կրէ, որպէսզի մեր բեմերը զարդարեն շնորհալի ասմունքողներ ու միշտ վերապրեցնեն մեր գրողներու ստեղծագործութիւնները։
Երեկոյթը փակուեցաւ տէր հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Ներկաները սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ լքեցին սրահը: