Ոչ միայն սուրիահայ, այլեւ սուրիական մշակութային կեանքին մէջ Համազգայինի «Զուարթնոց»-ը բազմաձայն երգչախմբային արուեստի մեկնաբանը հանդիսացաւ։ «Զուարթնոց»-ը հայկական եւ համաշխարհային քառաձայն երգերուն կողքին, արաբական քառաձայն երգեցողութեան առաջին մեկնաբանը եղաւ Սուրիոյ մէջ։ Ան շրջելով նահանգէ-նահանգ բազմերանգ իր համերգներով սուրիական մշակութային խճանկարին իւրայատուկ մէկ մասնիկը կազմեց։

Անցեալ Կիրակի, 23 Հոկտեմբերին, «Զուարթնոց»-ը հրաւիրուած էր Լաթաքիա, ներկայացնելու դասական եւ ժողովրդային երգերու փունջ մը։

Ձեռնարկին հովանաւորն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան տեղապահ հոգշ. Հայր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, կազմակերպողն է Լաթաքիոյ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը։
Լաթաքիահայութիւնը մէկտեղուած «Տար ալ֊Ասատ» մշակութային սրահէն ներս, կը սպասէր «Զուարթնոց»-ին։
Համերգը դիտելու եկած էին նաեւ պետական հիւրեր եւ քեսապահայեր։ Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանը, Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեանն ու Քեսապի ներկայացուցիչ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանը։

Այս առիթով արտասանուած բացման հայերէն եւ արաբերէն խօսքերէն ետք ներկայացուեցաւ նաեւ երգչախումբի հիմնադրութեան պատմութիւնն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը։

Ապա ելոյթ ունեցաւ «Զուարթնոց»-ը, խմբավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի։

Հալէպէն ժամանած խումբը ներդաշնակ կատարումով արժանացաւ հայ թէ արաբ հանդիսատեսին ջերմ ծափողջոյններուն։

Խումբին համար փորձառութիւն մըն էր Լաթաքիոյ բեմէն հանդէս գալը, իսկ հանդիսատեսին համար՝ երգչախմբային արուեստի հմայքին ըմբոշխնումն էր։

Տպաւորիչ էին յատկապէս երգչախումբի մենակատարները, «Զուարթնոց»-ի մէջ ձեւաւորուած երգիչները, որոնք խմբավարին ցուցմունքներով հարազատօրէն մեկնաբանեցին իւրաքանչիւր երգ, շոյելով ունկնդրին հոգին ու ապրեցնելով հայ երգը։

Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով խումբին ու Համազգայինին։