31 Հոկտեմբեր 2022_ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլան 31 Հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիս ունեցաւ, որուն ընթացքին հաատատեց հետեւեալները.

🔴5 Նոյեմբերին` ժամը 15։00-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հանրահաւաքը ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ հանրահաւաք է․ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ոչ թէ որեւէ անձի կամ ուժի շուրջ, այլ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան գաղափարին շուրջ:

🔴 Հանրահաւաքը ի պաշտպանութիւն Արցախի է։ Հանրահաւաքին մասնակցելով հայ մարդը կը յայտարարէ, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

🔴 Հայ մարդը մասնակցելով հանրահաւաքին պիտի արձանագրուի, որ օրուան իշխանութիւնը չունի որեւէ հովանաւոր երկիրը նոր զիջումներու ու կորուստներու տանելու:

🔴5 Նոյեմբերին ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ օրուան իշխանութիւնը չ’արտայայտեր հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքը:

🔴5 Նոյեմբերին մենք պէտք է փաստենք, որ կը գիտակցինք, որ սա միայն Արցախի հարց չէ. Արցախը կորսնցնելով` պիտի կորսնցենք ամբողջ Հայաստանը: Առանց Արցախի չկայ Հայաստան, Առանց Արցախի չի կրնար ըլլալ խաղաղութիւն: