ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի գրասենեակի ատենապետ Մասիս Աբրահամեան եւ Հոլլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեան հայցեր ներկայացուցած են վարչական դատարան՝ ընդդէմ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (Այսուհետեւ՝ ԱԱԾ) պահանջելով, որ դատարանը ԱԱԾ-ին պարտաւորեցնէ վերջիններուս անունները հեռացնել ՀՀ տարածքին մէջ անցանկալի համարուող օտարերկրացիներու տուալներու ցանկէն։ Սիւնէ Աբրահամեանի հայցը մակագրուած է դատաւոր Ռոպերթ Մաքէյելանին, Մասիս Աբրահամեանինը՝ դատաւոր Մհեր Պետրոսեանին։

Մասիս Աբրահամեանի հայցի քննութեան առաջին նիստը նշանակուած է Մարտ 2023_ին, Սիւնէ Աբրահամեանի հայցի քննութեան առաջին նիստը տեղի ունեցած է 6 Հոկտեմբերին։
Յիշեցնենք,որ 31 Յուլիսին արգիլուած էր ՀՅԴ Հոլանտայի Երիտասարդական Միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի մուտքը Հայաստան, իսկ 1 Օգոստոսի առաւօտեան՝ Հոլանտայի Հայ Դատի ատենապետ, կուսակցական գործիչ Մասիս Աբրահամեանի մուտքը։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի մուտքը եւս արգիլուած էր Հայաստան: Ան եւս նոյն պահանջով հայց ներկայացուցած է ընդդէմ ԱԱԾ-ին։