Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս ընդունուած է երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ստորագրած այն օրինագիծը, ըստ որուն՝ 1 տարիով եւս կ’երկարաձգուի թուրք զինուորականներու ծառայութեան ժամկէտը Աղտամի մէջ:
Օրինագիծին մէջ յիշուած է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ձեւաւորած միատեղ կեդրոնը (Աղտամի մէջ գտնուող ռուս-թրքական միատեղ մշտադիտարկման կեդրոնը-խմբ.), ուր կը ծառայէ Թուրքիոյ զինուորական  ուժի անձնակազմը, «յաջողութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը»:
Շեշտուած է, որ իբրեւ թէ «Թուրքիա այդ միատեղ կեդրոնին միջոցով կը նպաստէ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կողմերու միջեւ վստահութեան ձեւաւորման, իսկ թուրք զինուորականներու պահպանման երկարաձգումը տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ արդիւնաւէտ եւ կառուցողական դերին եւ ազգային շահերուն պահանջն է»:
Փաստօրէն Թուրքիա տակաւին պիտի շարունակէ պահել իր զինուորական ներկայութիւնը Ատրպէյճանի բռնագրաւած տարածքին մէջ, որպէս զօրակցութիւն Ատրպէյճանի եւ իր ներկայութեան ամրապնդում՝ յատկապէս այս լարուած ժամանակաշրջանին:
Յիշեցնենք, որ  11 Նոյեմբերի 2020-ին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Սերկէյ Շոյքուն եւ Հուլուսի Աքարը փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրած էին Ատրպէյճանի մէջ միատեղ դիտարկումի կեդրոն ստեղծելու մասին: