Աշուն էր: Քեսապի կապոյտ երկինքը հետզհետէ կը քողարկուէր փոքրիկ ու մաքուր, բամպակի ճերմակութեամբ ամպերով: Անոնք աջ ու ձախ ցրուած էին: Այդ վիճակէն նեղութիւն զգացին, առանձնութիւնն ալ հաճելի չթուեցաւ իրենց: Իրար մօտենալու ընթացքին ոմանք յոգնեցան, իրենց շալկած բեռան ծանրութիւնը զգացին, ուստի այդ բեռը թեթեւցելու համար քանի մը անձրեւի կաթիլներ վար նետեցին ու երթը շարունակեցին:
Անդին, Գարատուրանի՝ ծովու կողմէն, խոժոր դէմքով, մոխրագոյն, հսկայ ամպեր խուժելով կը մօտենային ճերմակ ամպերուն, որոնք շարքերը խտացուցած էին: Իսկ փոքրիկ ամպերը, որոնք աջ ու ձախ կը վազվզէին, զանազան բնապատկերներ գծելով, վախցած ու իրար անցած, արագ-արագ սկսած էին մօտենալ ճերմակ մայր ամպերուն, որպէսզի աւելի զօրաւոր ու ապահով զգային: Վերջապէս այդ հսկայ մոխրագոյն ամպերուն դէմ դնելը հսկայ ուժ կը պահանջէր:
Իսկ քեսապցիները քաջատեղեակ էին, երբ ծովու՝ Գարատուրանի կողմէն ամպերը դէպի Քեսապ խուժէին, անպայման անձրեւ պիտի տեղար:
Երկու կողմերը մարտական ոգիով սպասման վիճակի մէջ էին: Առաջին շարքերու վրայ գտնուող երկու կողմերու հսկայ ամպերը, նախ կուրծք-կուրծքի ուժգին բախեցան: Զօրաւոր փայլատակում մը տեղի ունեցաւ: Անոնց դղրդալի ձայնը՝ որոտումը, այնքան զօրաւոր պայթեցաւ, որ հրթիռի մը պայթումը ըլլար կարծէք: Պայթիւնի լեռնէ-լեռ տարածուած ձայնն ու արձագանգը աւելի զօրաւոր դարձան: Լեռները թնդացին կարծէք:
Բախումը հոն կանգ չառաւ: Երկու կողմի մարտնչող ուժերու կողմնակիցները օգնութեան հասան: Ուստի մարտը աւելի ու աւելի հրահրուեցաւ: Փայլատակումն ու որոտումը չընդհատուեցան: Երկու կողմերն ալ անզիջող էին: Ամէն մէկը յամառօրէն մնաց իր կեցուածքին վրայ:
Ճակատամարտի ընթացքին, ոմանք յոգնեցան եւ իրենց շալկած բեռը սկսան պարպել: Տեղ-տեղ անձրեւ տեղաց: Ուրիշներ յամառօրէն դիմացան, վիճակը ծանր էր, սակայն իրենց ակռաները սեղմած, ծանր բեռը շալկած տոկացին:
Երկու կողմերը երբ նկատեցին, որ հարցը հետզհետէ աւելի կը խորանայ, իսկ անոնց սուսերամարտը շատ երկար պիտի տեւէ, անտեղի զոհերուն ի տես որոշեցին հաշտութիւն կնքել:
Այս կողմէն քանի մը հսկայ ճերմակ ամպեր, այդ կողմէն քանի մը վիթխարի մոխրագոյն ամպեր բանակցութեան նստան: Անոնց հանդիպումն ու միաձուլումը որքա՜ն գեղեցիկ էր երկնքին մէջ:
Ու վերջապէս տրամաբանութիւնը յաղթեց:
Ի՞նչն էր, որ չէին կրցած բաժնուիլ երկնքի անհունին մէջ: Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար կռիւ տալու փոխարէն հաշտութեամբ սլանային անծայրածիր երկընքին մէջ: Վերջապէս երկուքին նպատակն ալ նոյնն էր՝ իրենց շալկած բեռը պարպելն էր: Պարտիզպանն ու անոր ծառերը ուրախացնելն էր: Պարտիզպանն ալ այդ անձրեւը դեղի նման կը սպասէր, յատկապէս այն ծառերուն համար, որոնք ջրելու յարմարութիւն չէին ընծայեր, այդ պատճառով ալ իրենց պտուղները մանրիկ կը մնային:
Հաշտութիւնը կնքուելէն անմիջապէս ետք կաթկթուկը սկսաւ: Պարտէզներուն մէջ գտնուող այն պարտիզպանները, որոնց բնակարանները հեռու էին, պատսպարուելու տեղ կը փնտռէին: Ոմանք թոնիրի մը ծածկին տակ պատսպարուեցան: Ոմանք քաջ գիտնալով, որ աշնանային անձրեւը շուտով կանգ կ’առնէ, իրենք զիրենք թափնիի նման խիտ ծառի մը տերեւներու հովանիին տակ պատսպարեցին:
Իսկ ձիթապտուղի ծառեր ունեցող պարտիզպաններուն սրտերը ուրախութեամբ ողողուեցան: Աշնան անձրեւը ոչ միայն դեղ էր ձիթապտուղի ծառերուն համար, այլեւ պարարտ պիտի դարձնէր անոնց հատիկները ու կրկնապատկէր անոնց չափն ու որակը:
Քիչ ետք ամպերը ցիր ու ցան եղան:  Անոնց ետեւէն արեւը դուրս եկաւ յաղթական: Միայն օրթոններէն հոսած ջուրի գլգլան ձայնն էր, որ կը լսուէր տանիքներուն վրայ հաւաքուած անձրեւի ջուրերէն:
Բարձրադիր լեռներէն դէպի վար հոսող մշուշին ետեւէն,  արեւուն ճառագայթներուն մէջէն, մարտնչող ամպերուն հաշտութեան պայմանագիրին գունագեղ ծիածանը շողաց հորիզոնին վրայ:
Աշունը ամառուան ողջերթը սկսած էր կազմակերպել: Ամառը դժկամութեամբ ու անսիրտ կը բաժնուէր, բայց սա է բնութեան կարգը ու պէտք էր ենթարկուիլ…:
Սեւան Ա. Մանճիկեան