«Արմէնփրէս»- Փաստահաւաքի առաքելութեամբ Հայաստան ժամանած Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոն 3 Նոյեմբերին յայտնած է, որ առաքելութեան ընթացքին հաւաքագրած արժէքաւոր տեղեկատուութիւնը թոյլ պիտի տայ վեր հանել առարկայական այն իրականութիւնը, ըստ որուն Ատրպէյճան յարձակում գործած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ:
Քասթալտօն լրագրողներու հետ հանդիպումին ըսած է, որ իրենք մտահոգուած են եւ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի տարածքներու վրայ եւ այն վայրագութիւնները, որոնք թոյլ տրուած են հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ:

Ան դիտել տուած է նաեւ, որ իրենք այցելած են Սիւնիք եւ տեսած են ատրպէյճանական զինուժի հրետակոծութեան հետեւանքները: