2 Նոյեմբեր 2022_ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Երկու ղեկավարները Սատապատի պալատի համալիրէն ներս բանակցութիւններ վարեցին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Ռայիսի այս առթիւ յայտնեց, որ Փաշինեանի Իրան այցելութիւնը շրջադարձային նշանակութիւն կ՚ունենայ երկու երկիրներու զարգացման համար։

Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որով կը նախատեսուի ելեկտրական ուժանիւթի եւ կազի համաձայնագիրի երկարաձգումը։ Երկու երկիրները կը նախատեսեն ելեկտրահաղորդման երրորդ գծի շինարարութիւնը աւարտել արագ։ Փաշինեան եւ Ռայիսի ընդգծեցին հարեւան երկու երկիրներու առեւտրաշրջանառութիւնը 3 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու անհրաժեշտութիւնը։ Բաց աստի, Թեհրանի մէջ յայտարարուեցաւ, որ Իրան պատրաստ է տարանցիկ միջանցք մը ստեղծել Հայաստանի եւ Պարսից ծոցի միջեւ։

Փաշինեան Ռայիսիին պատմած է նաեւ նախօրէին Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մասնակցած եռակողմանի գագաթաժողովին մասին։ Ան նշած է, որ համաձայն է տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման վերաբերեալ Իրանի նախագահի տեսակէտներուն հետ։ Իր կարգին, Ռայիսին ալ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ տարածաշրջանէ ներս օտարներու կողմէ որեւէ միջամտութիւն խնդրի լուծման փոխարէն պիտի ստեղծէ յաւելեալ խնդիրներ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» քննարկման հարթակի նիստին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ Երեւան եւ Մոսկուա յաջողած են ամուր հիմքեր դնել երկարաժամկէտ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցութեան համար։