«Aid to the Church in Need» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնը, ներկայ տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ, շարունակելով նորապսակ զոյգերուն նիւթական օժանդակութեամբ քաջալեր հանդիսանալու ծրագիրը, Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի հայրական օրհնութեամբ, «ACN» կազմակերպութեան պատասխանատու տիար Ռիատ Ճրճոյի ներկայութեամբ եւ Թեմի Նպաստից Մարմինին կողմէ՝ նորապսակ տասներեք զոյգերու նիւթական օժանդակութիւն բաշխեց, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։ Ներկայ էր նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։

Նախքան բաշխումը, Հայրապետական Նուիրակը հանդիպում ունեցաւ «ACN» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան պատասխանատուին հետ, մօտէն ծանօթացաւ կազմակերպութեան բարեգործական ծրագիրներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպութեան պատասխանատուներուն եւ բարերարներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ դնելով իրենց ներդրումը կը բերեն:

Բաշխումէն ետք, Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գօտեպնդեց նորապսակ զոյգերը, եւ սիրով ու համերաշխութեամբ լեցուն տարիներ մաղթեց անոնց։ Այս առիթով, Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Թեմի Նպաստից Մարմինի անդամներուն աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։