ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ
Զգուշանալ աշնանային ցուրտէն
Մարդիկ աշնան եղանակային փոփոխութիւններուն, ինչպէս օրինակ՝ օդի ջերմաստիճանին կտրուկ նուազումին, անակնկալ անձրեւներուն, յաճախ կարեւորութիւն չեն տար: Այս պատճառով ալ անոնք լուրջ հարցեր կը դիմագրաւեն երբեմն։ Մասնաւորապէս հարցեր կը յառաջանան ցուրտ եղանակին գլխարկ չկրելու պարագային, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ ծոծրակի կամ գլխու մկաններուն սուր ցաւերուն։
Մասնագէտներուն կարծիքով, ցուրտ եղանակին գլխարկ չկրող մարդիկ աւելի ենթակայ կ’ըլլան նման ցաւերու՝ մկաններու պաղառութեան հետեւանքով:
Անոնց համաձայն, գլխու յաճախակի պաղառութիւնը կրնայ քրոնիկ գլխացաւերու ալ պատճառ դառնալ: Ուստի նախընտրելի է պաղ օդին գլխարկ կրել, ինչպէս նաեւ ճակատը ուղղակի հովին չենթարկել:
Սուրճը Պէտք չէ խմել կաթին հետ
Սննդաբաններու համաձայն, սուրճը կիրով (քալսիումով) հարուստ մթերքներուն հետ համատեղելը վնասակար է:
Նախընտրելի է սուրճը չխառնել կիրով ու երկաթով հարուստ մթերքներուն հետ։ Սուրճը կը պարունակէ որոշ նիւթեր, որոնք օրկանիզմին կիր ու երկաթ ներծծումը կ’արգիլեն: Ուստի անօգուտ կը դառնայ սուրճին կաթ խառնելը:
Նախընտրելի է սուրճը ճաշէն կամ նախաճաշէն անմիջապէս ետք չխմել, այլ՝ նուազագոյնը՝ մէկ ժամ վերջ, որպէսզի օրկանիզմը ներծծած ըլլայ կիրն ու երկաթը:
Մասնագէտներ խորհուրդ կու տան նաեւ սուրճին հետ անպայման գաւաթ մը ջուր խմել, որովհետեւ սուրճը մարմնին ջուրը պակսեցնելու յատկութիւն ունի:  Ջուր խմելով քաֆէինին զարկերակային ճնշման բարձրացման ազդեցութիւնն ալ նուազեցուցած կ’ըլլանք:
ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՁՄՐԱՆ ԵՂԱՆԱԿԻՆ ԴԷՄՔԸ ԽՆԱՄԵԼՈՒ ԴԻՄԱԿՆԵՐ 
Ա) Պտուղներով դիմակ
2 ապուրի դգալ (ա.դ.) կիտրոնի կամ նարինջի հիւթին  աւելցուցէ՛ք 1 հաւկիթի դեղնուց, 1 թէյի դգալ ձիթաիւղ եւ 2 ա.դ. խտացուած մածուն: Բոլոր բաղադրիչները  խառնեցէ՛ք, մինչեւ որ համասեռ զանգուած մը գոյանայ։ Ստացուած թանձրուկը քսեցէ՛ք մաքուր դէմքին եւ պահեցէ՛ք զայն 20 վայրկեան, ապա դէմքը լուացէ՛ք գաղջ ջուրով:
Բ) Մածունով եւ մեղրով դիմակ
Սպիտակուցով եւ կաթնաթթուով հարուստ մածունը կը խոնաւցնէ եւ կ’երիտասարդացնէ դէմքին մորթը: Անիկա նաեւ կը մանրէազերծէ մորթը եւ զայն կը ձերբազատէ մեռած բջիջներէն:
Հետեւաբար 2 ապուրի դգալ մածունին խառնեցէ՛ք մէկ թէյի դգալ մեղր, ստացուած թանձրուկը քսեցէ՛ք ձեր դէմքին, սպասեցէ՛ք քառորդ ժամ յետոյ փափուկ, խոնաւ լաթով մը մաքրեցէ՛ք ձեր դէմքը:
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ԱՆԿԻՒՆԸ
ԱՇՆԱՆ ԵՐԳ
Ցրտահա՜ր, հողմավա՛ր.
Դողացին մեղմաբար
Տերեւները դեղին,
Պատեցին իմ ուղին…
Ճաճանչները թոշնան…
Կանաչներիս աշնան –
Իմ խոհերը մոլար՝
Ցրտահա՜ր, հողմավա՜ր…
Կրակներս անցան,
Ցուրտ ու մէգ է միայն.
Անուրջներս երկնածին
Գնացի՜ն, գնացի՜ն…
Վահան Տէրեան