ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Դամասկոսի մէջ սկիզբ առաւ Սուրիոյ պասքեթի Սուփըր Գաւաթի մրցաշարքը, մասնակցութեամբ Իթթիհատ, Ուահտէ, Ճէյշ, Նաուաիր, Ճալաա, Քարամէ եւ Լիբանանէն ժամանած ՀՄԸՄ-ի եւ Լէյտըրզ խումբերուն:
Բացման հանդիսութեան մասնակցեցաւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի փողերախումբը: Առաջին հանդիպումին Դամասկոսի Ուահտէն 113 – 100 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Լիբանանի ՀՄԸՄ-ին: Հալէպի Ահլին 77 – 51 արդիւնքով յաղթեց Նաուաիրին, իսկ Քարամէն 79 – 60 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ճալաա խումբը: Լիբանանի ՀՄԸՄ-ը պարտութեան մատնուեցաւ նաեւ Հալէպի Ահլիէն:
– Սուրիոյ փինկ-փոնկի հաւաքականի խաղացող Հինտ Զազան Եգիպտոսի մէջ կայացած արաբ երկիրներու կանանց մրցաշարքին գրաւեց առաջին դիրքը եւ տիրացաւ ախոյեանութեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏ ՄՈՐԱԹԱՅԻՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ
Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտի ակումբը իր պաշտօնական էջով յայտարարեց խումբի յարձակողական խաղացող Ալվարօ Մորաթայի վիրաւորուելուն լուրը: Ըստ աղբիւրին, Սպանիոյ հաւաքականի խաղացողին ծունկը ծանրօրէն վնասուած է, որուն հետեւանքով կասկածելի է նաեւ անոր մասնակցութիւնը համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան, որ քանի մը օր ետք սկիզբ պիտի առնէ Քաթարի մէջ:
Աւելցնենք, որ 30-ամեայ խաղացողը Սպանիոյ ախոյեանութեան Քատէշ խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումին 10-րդ վայրկեանին դուրս եկաւ դաշտէն վիրաւորուած:
ԻՏԱԼԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԹՈՒՆՈՒՍԻՆ 2022-Ի ԱԽՈՅԵԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Ըստ ֆրանսական Le Parisien-ին, Եւրոպայի ախոյեան Իտալիոյ հաւաքականը կրնայ փոխարինել Թունուսի հաւաքականը 20 Նոյեմբերին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք համաշխարհային առաջնութեան մրցումներուն, եթէ Ֆութպոլի Միջազգային Դաշնութիւնը (ՖԻՖԱ)-ն հեռացնէ Թունուսի կազմը: Պատճառը՝ ֆութպոլի Դաշնութեան աշխատանքներուն Թունուսի կառավարութեան միջամուխ ըլլալն է, որ ըստ FIFA-ի օրէնքներուն հակականոնագրային է: Իտալիոյ հաւաքականը Թունուսի կազմին տեղը կրնայ գրաւել՝ աշխարհի առաջնութեան չմասնակցող հաւաքականներուն ամենաբարձր վարկանիշը ունենալուն շնորհիւ։ Վերջին դասաւորման մէջ Իտալիան կը գրաւէ աշխարհի դասաւորման աղիւսակի 6-րդ հորիզոնականը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան