Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գլխաւորած դաշինքի տեւական ջանքերու հետեւանքով, որուն մաս կը կազմէին Ամերիկայի յունական, հրէական, քրտական և այլ համայնքային կազմակերպութիւններ, կարելի եղած է խափանել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտերիմ քաղաքական գործիչ, ազգութեամբ թուրք եւ Թուրքիոյ քաղաքացի Մեհմետ Օզի ընտրութիւնը իբրեւ ԱՄՆ Ծերակոյտի անդամ։ Օզը, բացի թրքական իշխող վերնախաւի հետ իր անթաքոյց կապերով, յայտնի է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումով։ Մեհմետ Օզի ընտրուիլը իբրեւ ծերակուտական, էական խոչընդոտներ կրնար յարուցել Ամերիկայի հայ համայնքին, նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար։

Հայ Դատի Ամերիկայի կեդրոնական գրասենեակը, Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւելեան ափի յանձնախումբի եւ Փենսիլուանիոյ տեղական յանձնախումբի հետ միասին, ինչպէս նաեւ համայնքային ներգրաւումով, ամիսներ շարունակ պայքարած է ձախողելու համար Օզի ընտրութիւնը։ Այդ ամբողջ ընթացքին էական աշխատանք տարուած է ընտրողներու հետ՝ վերջիններուս համար բացայայտելով Օզի իրական կապերը, քաղաքական ծագումը եւ անհամապատասխանութիւնը ամերիկեան քաղաքական մշակոյթին, լայնօրէն օգտագործուած են ընկերային մետիայի կարելիութիւնները, որուն հետեւանքով Օզի իրական նպատակներն ու անցեալը ներկայացնող տեսահոլովակը կարճ ժամանակահատուածի մէջ հաւաքած է միլիոնաւոր դիտումներ։
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ ԱՄՆ արդարութեան բաժինին կոչ ուղղած էր հետաքննութեամբ յստակացնել, թէ արդեօք Օզի գործունէութիւնը երկիրը արտաքին ազդեցութիւններէն պաշտպանող ամերիկեան օրէնսդրութեան խախտում չէ։
Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակն ու համապատասխան շրջանային ու տարածքային յանձնախումբերը Մեհմետ Օզի դէմ կազմակերպած են նաեւ բողոքի ցոյցեր եւ երթեր։

Փենսիլուանիոյ ընտրութիւններու հետեւանքով նահանգէն ընտրուած է Հայ Դատի յանձնախումբի համակրանքը վայելող Ճոն Ֆեթերման, որ յայտնի է իր անթաքոյց հայամէտ վարքով եւ շարունակապէս իր սատարումը յայտնած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հետապնդած աշխատանքներուն։

Այս յաղթանակի առնչութեամբ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նկատած է․ «Այս պատմական յաղթանակով Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը ԱՄՆ Ծերակոյտը, Փենսիլուանիոյ ժողովուրդին եւ ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը պաշտպանեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողէն, որ խորը կապեր ունի Թուրքիոյ թշնամական վարչակարգի հետ։ Այս շրջադարձային յաղթանակը աւելի քան մէկ տարուան ռազմավարական ծրագրումի եւ համայնքային ու դաշնային անխոնջ ջանքերու արդիւնքն է՝ սկսեալ հետազօտութիւններէն, ընտրողներու կրթութենէն, լրատուամիջոցներու օգտագործումէն, եւ այլ նպատակային ընտրական նախաձեռնութիւններէ: Մենք գոհ ենք դոկտոր Օզի պարտութենէն եւ անհամբեր կը սպասենք աշխատելու Ճոն Ֆեթերմանի հետ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

09.11.2022