ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով 9 Նոյեմբեր 2022-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն:
Այս նախաձեռնութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Աննա Աղաջանեան, Հիւսիսատլանտեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար Արման Իսրայէլեան, Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր հիմնական քաղաքական խումբերէն մեծ թիւով երեսփոխաններ: Ներկայ էին նաեւ Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխաններ, Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գործընկերներ եւ բարեկամներ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ջանքերը եւ արժեւորեց մասնակիցներու գործունէութիւնը` հայկական երկու պետութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու համար: Տէր Խաչատուրեան հակիրճ ներկայացուց Հայ Դատի խորհուրդի համաշխարհային ցանցը, անոր առաքելութիւնը եւ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ձեռքբերումները:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր ելոյթին մէջ ողջունեց ներկաները` գնահատելով անոնց ջանքերը ի նպաստ Հայ դատի պայքարի, մասնաւորապէս` Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պայքարին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու գարգացման գործին մէջ: Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անցնող տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին սատար կանգնելու եւ արդարութեան առաջամարտիկ ըլլալու համար: Յատուկ շեշտուեցաւ, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ իր 20-ամեակը, ինչ որ բուռն աշխատանքի տարիներ էին, եւ կը մերժէ որեւէ փաստաթուղթ կամ իրողութիւն, որ կ՛ոտնահարէ հայ ժողովուրդի, մասնաւորապէս Արցախի ժողովուրդի ազատ ապրելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունքը:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Աղաջանեան իր կարգին շնորհաւորեց ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը` նախորդ 20 տարիներու ընթացքին արձանագրած յաջողութիւններուն համար, գնահատելով դեսպանատան եւ յանձնախումբին միջեւ արդիւնաւէտ ու ջերմ համագործակցութիւնը:
Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքաս Ֆուրլաս, Եւրոպական խորհրդարանի Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Սիլվի Կիոմ եւ Ֆրանսուա Ալֆոնսին նոյնպէս ելոյթներով հանդէս եկան, շնորհաւորեցին Հայ դատի գրասենեակը, արժեւորեցին անոր գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատեցին սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Անոնք իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Արցախի եւ Հայաստանի կողքին ըլլալու եւ յանուն արդարութեան ու հայ ժողովուրդի իրաւունքի պայքարը շարունակելու գործին մէջ:
Հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ իրենց նուիրուածութիւնը վերահաստատած են նաեւ Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս եւ ֆլամանախօս բարեկամական խումբերու ղեկավարներ Անտրէ տը Պիւսը եւ Քարլ Վանլաուեն, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի Ֆլամանական խորհրդարանի երեսփոխան Ալեսիա Քլաս: