Սուրիոյ ելեւմուտքի նախարար դոկտ. Քինան Եաղի Հալէպի «Պապ Ճընէն» շրջանի անշարժ գոյքի դրամատան վերանորոգուած շէնքին բացումը կատարեց։ Յիշենք, որ պատերազմի տարիներուն, շէնքը ահաւոր վնասներ կրած էր եւ աւելի քան 10 տարի աշխատանքէ դադրած։