«Հորիզոն»._9 Նոյեմբերին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ կայացաւ մոմավառութեան հաւաք՝ ի յիշատակ Արցախեան պատերազմին նահատակուած հերոսներուն։ Հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան (ՔԵՄ) «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին կողմէ։ Ի զօրակցութիւն Թորոնթոյի հայ համայնքին՝ ներկայ էին Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Ժան Եիփ եւ Մայքըլ Գոթօ, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Վինսընթ Քէ, Մարքամի փոխ քաղաքապետ Մայքըլ Չան, Տոն Վալի Նորթի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Շէլի Քարոլ։

Յանուն ՀՅԴ ՔԵՄ-ի անգլերէն ուղերձով հանդէս եկաւ Մէյրի Չաթալեան, իսկ հայերէնով՝ Արմէն Արթին։
«Մենք կը գիտակցինք, որ մեր հայրենիքի տարածքներուն ազատագրման եւ պաշտպանութեան համար նահատակուած են բազմահազար հերոսներ եւ որպէսզի ազատագրենք եւ պահենք մեզի պատկանող բոլոր տարածքները, հարկաւոր է սեփական ուժերով պայքարիլ: Ոչ մէկ դաւադիր համաձայնագիր եւ ոչ մէկ դաւաճանի ձեռք պիտի կարենայ մեզի մեր իրաւունքներուն համար պայքարէն շեղել: Մեր այսօրուան մոմավառութիւնը սգոյ հանդէս չէ, այլ մեր ուխտի վերանորոգման ու մեր ազգային գաղափարական սուրբ իտէալներուն կառչած մնալու հաւաքական կամքի դրսեւորում», իր խօսքին մէջ յայտնեց Արմէն Արթին։

Արցախեան պատերազմին նուիրուած Րաֆֆի Սարգիսեանի «Ցասում» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Լոռի Պէրպէրեան։ Արցախեան պատերազմին նահատակուած զինուորներու եւ հերոսներու լուսանկարներու պաստառին դիմաց, ՀՅԴ ՔԵՄ-ի անդամները մոմավառութեան արարողութիւնը կատարելով վերանորոգեցին Արցախին եւ հայրենիքին համար պայքարելու ուխտը։