14 Նոյեմբեր 2022-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու՝ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի, ինչպէս նաեւ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւնները:
Այս միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու միացեալ խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը արդիւնք էր ներկայ ժամանակներուն միացեալ օրակարգերու ճշդման ու նոր ծրագիրներու որդեգրման անհրաժեշտութեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն Սփիւռքի կազմակերպման, պահպանման ու մշակութային, մարզական, բարեսիրական բազում կարիքներու բաւարարման համար ճամբայ ելած այս միութիւններուն հիմնադիրները այդ տարիներուն իրենց մշակած ծրագիրները փուլ առ փուլ կեանքի կոչեցին, որովհետեւ յաջողեցան ազգային գիտակցութեամբ տոչորուած կամաւոր ծառայողներու փաղանգ մը համախմբել անոնց շուրջ ու ժամանակի պահանջներուն համահունչ աշխատանքի մեքանիզմներ ստեղծել:
Տարիները անցան ու այս միութիւնները դարձան համահայկական՝ Սփիւռքի կողքին ունենալով մասնաճիւղեր Հայաստանի ու Արցախի  մէջ:
Անոնց ծրագիրները աւելի ընդգրկուն դարձան: Եթէ սկզբնական շրջանին հիմնադիրներուն նպատակը սփիւռքահայ կեանքի կազմաւորումն ու որակաւորումն էր, շուրջ եօթանասուն տարի անց, Հայաստանի ու Արցախի կանչերուն ալ անսալով, անոնք կազմակերպական իրենց ցանցն ու գործունէութեան ծրագիրը համահայկական դարձուցին:
Ողջունելի է այս փուլին միասնական խորհրդաժողովի մը գումարումը, որովհետեւ նոր պայմաններ, նոր մարտահրաւէրներ ծառացած են Սփիւռքի կեանքին մէջ նկատառելի դեր ունեցած եւ ունեցող ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու հսկայ փաղանգին դիմաց:
Սփիւռքի պատկերը փոխուած է, անոր մաշումին մասին ալ ահազանգեր կը հնչեն, հայրենիքն ու Արցախը վտանգուած են. այս պայմաններուն մէջ՝ մեր ինքնութեան պահպանման,  Սփիւռքի կազմակերպական ուժի գերլարման եւ Արցախի ու հայրենիքի ապահովութեան նպաստելու համար ուժերու գերլարման անհրաժեշտութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ:
Ներկայ ժամանակներու պահանջին համահունչ ծրագիր մշակելու, Հայ եկեղեցւոյ, ազգային արժէքներու, Սփիւռքի ու հայրենիքի, հայ մշակոյթի ու կրթութեան կապը ամրապնդելու համար այս միութիւններուն գործունէութեան դաշտի համադրումն ու վերամշակումը  ռազմավարական հրամայականներ են:
Խորհրդաժողովը իր օրակարգերով կը հաստատէ, որ այս միութիւնները կը հաւատան այնպիսի արժէքներու, որոնց շատեր չեն հաւատար ու չհաւատալով կը փորձեն արժեզրկել ու ամլացնել միասնական աշխատանքը՝ թերահաւատութեամբ եւ մասամբ նորին…
Կը մնայ այս միասնական աշխատանքի վերանորոգ թափը համահայկական մեր կեանքին ծառայեցնելու միջոցները լարել եւ արդիականացնել, բայց մանաւանդ մշակուած ծրագիրներու իրականացման քայլերը տեւաբար հետապնդել:
Կը հաւատանք, որ ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու կամաւոր ծառայողներու այս հսկայ փաղանգը, իր երիտասարդ տարրով, տարբեր մարզերու մէջ մասնագիտացած մարդուժով, բայց մանաւանդ յոգնութիւնը արհամարհող ծառայողներով հայկական մեր իրականութեան մէջ միասնական աշխատանքի մթագնած ճամբան աշխատանքի իր օրինակով լուսաւոր կը պահէ: