Իրանի Խորհրդարանի պատգամաւորները արձագանգած են Ալիեւի սադրիչ յայտարարութիւններուն.
«Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը պիտի վերամիանան Իրանին», «Օսմանեան կայսրութեան եւ մեծ Անատոլույի երազանքները դուք ձեզի հետ գերեզման պիտի տանիք»։

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատ 14 Նոյեմբերի առաւօտեան նիստին ըսած է. «Թոռը չի´ կրնար հերքել իր պապին, հետեւաբար Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի յայտարարութիւնները անհիմն են»։
Իրանի Խորհրդարանի պատգամաւոր Սեյետ Ալպորզ Հուսէյնին, այսօրուան խորհրդարանական լսումներու ատեն, ըսաւ. «Ես կ’առաջարկեմ Ատրպէյճանի նախագահին կարդալ Կիւլւստանի պայմանագիրը, որ իմանայ, թէ ո´ր տեղը ուրկէ´ անջատուած է։ Իր դրացի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան մասին կարծիք յայտնելը ճշգրիտ չէ: Եթէ Կիւլիստանի պայմանագիրը չկատարուէր, Ատրպէյճանը կ’ըլլար Իրանի մէկ մասը, եւ ան չէ´ր կրնար ըլլալ այս երկրի նախագահը»։

️Թաւրիզ քաղաքի պատգամաւոր ️Մուհամետ Ռըզա Միր – Թաճետինի.

«Խօսք ունիմ ուղղուած Ատրպէյճանի նախագահին: Վերջերս ան իր բերանով մեծ յայտարարութիւն կատարած է եւ խօսած է ազերիներուն (Իրանի) դառն ճակատագիրի մասին՝ Ատրպէյճանէն անջատուելէն վերջ իբր… Ինչքան անտեղեա҃ կ է պատմութեան:

Պարո´ն Իլհամ Ալիեւ, ականջներդ բա´ց եւ խօսքս լսէ. Իրականութիւն է, որ Ատրպէյճանը Իրանէն անջատուած է, իսկ եթէ խօսքը կ’առնչուի միացումին, ապա դուք եւ Նախիջևանը պէտք է միանաք Իրանին»:

️Իրանի Խորհրդարանի Ազգային Անվտանգութեան եւ Արտաքին Քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամ Մահմուտ Ահմատի Բիղաշ ըսած է.

«Այսպէս կոչուած՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ սադրիչ յայտարարութիւններ կատարած է։ Ի յաւելում ասոր, մենք ականատես ենք այս երկրի ձեւական խորհրդարանին, անոր պատգամաւորներուն եւ այս երկրի որոշ զառանցող լրատուամիջոցներու շարունակական ամբարտաւանութեան ու ոտնձգութիւններուն՝ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ մեր ազգային ինքնութեան դէմ։

Այս երկրի որոշ պաշտօնեաներուն, յատկապէս՝ Իլհամ Ալիեւին, խիստ կը զգուշացնեմ՝ դադրեցնել թելադրուած խաղերը եւ արժեւորել ձեր հալածուած ժողովուրդը։

Արդէն որոշ ժամանակ է, որ այս մոլորուած, անարժէք մարդիկ իրենց ոտքերը դրած են սեփական գորգէն այն կողմ եւ մեկնելով իրենց պատրանքներէն՝ անջատողական – ցեղային հարցեր կը ստեղծեն հայ ժողովուրդին դէմ։

Որպէս Իրանի ժողովուրդի ներկայացուցիչ՝ ես կը զգուշացնեմ Իրանի մարմնի մաս հանդիսացող հիւսիսային հարեւանի նախագահին՝ դուրս գալու թիւր պատկերացումներու դաշտէն, հում պատրանքներէն, երեւակայութեան գիրկը չիյնալ եւ չոգեւորուիլ արեւմտեան պատեհապաշտ դաշնակիցներուն ու զաւթիչ Իսրայէլի աջակցութենէն։

Իմացէք, որ սիրելի Իրանի իւրաքանչիւր ազերի կը պահանջէ ձեր եւ ձեր բռնապետ նախնիներու կողմէն ճնշուած իր հայրենակիցներուն վերադարձը դէպի Իրանի գիրկը։ Օսմանեան կայսրութեան և մեծ Անատոլույի երազանքները դուք ձեզի հետ գերեզման պիտի տանիք»։

Փույա Հուսէինի դիմատետրի էջէն։