Պատանի եմ, այո՛։ Երկու տարի առաջ հասկցայ նաեւ, որ բախտաւոր եմ։ Պատմեմ թէ ինչո՛ւ։
Մեր տան մօտ կար շատ բարի, համեստ նկարագիրով ելեկտրագործ մը։ Օր մը ես ու եղբայրս մօրս ընկերակցութեամբ այցելեցինք անոր, որպէսզի նորոգենք մեր «IPad»-ները։  Երբ խանութ մտանք, սեղանին ետեւ ճիշդ եղբօրս նմանող տղայ մը կար։ Ան նստած էր մէկ ոտքը վար, միւսը՝ ծալած։ Երբ քմծիծաղով մը բարեւեցի, հարցուց.
– Անուշի՛կ աղջիկ, ակումբ կ’երթա՞ս։
– Այո՛,- պատասխանեցի։
– Ինչո՞ւ կը ծիծաղիս։
– Եղբօրս նման նստած ես, ամմօ՛,- պատասխանեցի։
Ապա եղբօրս դառնալով հարցուց.
– Ի՞նչ է անունդ։
– Յարութ Ասթարճեան,- պատասխանեց եղբայրս։
– Այս ինչ զուգադիպութիւն է,- ըսաւ,- ես ալ Ասթարճեան եմ։ Չըսէք մարաշցի ալ էք։
– Այո՛,- պատասխանեցի, եւ իմացանք որ ազգական ենք մեծ հօրս կողմէն։
Եղբայրս «IPad»-ը ձեռքին մօտեցաւ եւ իր մանկական ոճով ըսաւ.- Աբատս կը շինե՞ս։
Այդ օրէն ի վեր, ամէն անգամ որ Յակոբ ամմոյին խանութին դէմէն անցնէինք, ձայն կու տար եւ ժպտելով կը բարեւէր։
Ան բծախնդրօրէն կ’աշխատէր, մեծ յարգանք ունէր բոլորին հանդէպ եւ բոլորը շատ կը սիրէին զինք։ Կը տիրապետէր զանազան լեզուներու (անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ ռուսերէնի), հմտացած էր բջիջային հեռաձայններու, «IPad»-ներու եւ համակարգիչներու նորոգութեան մէջ։
Տարիներ անցան եւ մենք մեծցանք։
Օր մը մայրս ըսաւ, որ Յակոբ ամմօն մեր հեռաձայնները կ’ուզէ աչքէ անցընել, որովհետեւ պիտի ճամբորդէ եւ «մնաք բարի եւ ոչ ցտեսութիւն» ըսած է մօրս։
Նախ չհասկցանք այդ խօսքին իմաստը, բայց օր մըն ալ իր նահատակութեան դաժան լուրը առինք։
Յաճախ կը լսէի հերոս նահատակներու մասին։ Անոնք զոհուած էին յանուն ազգի, հայրենիքի եւ գաղափարի։
Այո՛, ես բախտաւոր եմ, որ ճանչցած եմ քեզ, Յակո՛բ ամմօ, նուիրեալ ազգասէր, որ ետիդ ձգելով ամէն ինչ զոհուեցար յանուն հայրենիքիդ։
Սերունդներ պիտի ճանչնան քեզ եւ հպարտանան քեզմով եւ ընկերներովդ՝ Յարութով եւ Մոսիկով։
Բախտաւոր եմ, որ առիթը ունեցած եմ ճանչնալու քեզ։
Սելա Ասթարճեան