Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը իր 171-րդ նիստը գումարեց՝ 17-18 Նոյեմբեր 2022-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, ներկայութեամբ՝ Հալէպի Քահանայից Դասուն, ազգ. երեսփոխաններու, Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կրօնական Ժողովի անդամներուն։

Ժողովը ընթացք առաւ Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի աղօթքով եւ բացման խօսքով։ Ան ի սրտէ փառք տուաւ ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, որ ժողովականները համախմբեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական 171-րդ նիստը գումարելու:

Սրբազան Հայրը ողջունելով ներկաները, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց: Ան գնահատելով ժողովականները, անոնց ազգանուէր ծառայութիւնը համարեց կամաւոր նուիրում, երբ կը կատարուի անձնուիրաբար, զոհողութեամբ, սիրով ու անշահախնդիր կերպով։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը հաստատեց Աստուածաշնչական հետեւեալ համարով. «Ամուր եւ հաստատուն մնացէք, միշտ աւելիով աշխատեցէք Տիրոջ գործին համար, գիտնալով, որ ձեր յոգնութիւնը առանց վարձատրութեան չի մնար Աստուծոյ առջեւ» (Ա. Կր 15.58)։ Մակար սրբազան մաղթեց, որ ժողովը յաջող ընթացք ունենայ եւ թափանցիկ մօտեցումով քննարկէ օրակարգային կէտերը:

Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ, պետական երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան հրաւիրեց կազմի ատենադպրուհի Մակի Պէրպէրեանը, որ իր կարգին ընթերցեց Ճեզիրէի Ազգ. Երեսփոխանական լրացուցիչ ընտրութիւններու տեղեկագիրը, ապա ժողովի հրաւիրեց Ճեզիրէի նորընտիր Ազգ. Երեսփոխան բժշկ. Անդրանիկ Սարգիսեանը:

Ապա, Ազգ. Կրօնական Ժողովի հնգամեայ ամփոփ տեղեկագիրը ընթերցեց Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, իսկ երկրչ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան ընթերցեց Ազգային Վարչութեան հնգամեայ ամփոփ տեղեկագիրը, հանգամանօրէն ներկայացնելով Ազգ. Վարչութեան հնգամեայ լայնածաւալ գործունէութիւնը:

Տեղեկագիրներու ընթերցումէն ետք ժողովականները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին, համապատասխան զեկոյցներ ստացան եւ թեմի գործունէութիւնը հարստացնող շինիչ առաջարկներ ներկայացուցին:

Այնուհետեւ, մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի եւ Սիլվա Ճապաղջուրեանի կողմէ ընթերցուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի վերամշակուած ներքին կանոնագրութիւնը: Ժողովը յարմարագոյն բանաձեւումները որդեգրելով վերամշակուած ներքին կանոնագրութեան թղթածրարը պիտի ներկայացնէ Ազգ. Ընդհ. Ժողովին՝ առ ի վաւերացում:

Ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց Ազգային Ընդհանուր Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերող Թեմի հետեւեալ պատգամաւորներն ու փոխպատգամաւորները.-
– Հայկազ Ասատուրեան
– Ժիրայր Րէիսեան
– Վրէժ Եագուպեան
– Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան
– Յարութիւն Հայրապետեան
– Բժշկ. Ռուբէն Գէորգեան
– Դոկտ. Հուրի Ազէզեան
– Աւօ Կարպուշեան
– Նշան Լնդեան
– Խաչիկ Մելքոնեան
Փոխպատգամաւորներ՝
– Մեթր Նորա Գրաճեան
– Յովսէփ Գասապեան

Սրբազան հայրը փակման խօսքին մէջ, փառք տուաւ Ամենակալին եւ իր գնահատանքը յայտնեց ժողովականներուն, որոնք բարձր համագործակցութեան ոգիով Ժողովին հեզասահ ընթացք տուին: Ան շնորհաւորեց Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգ. Վարչութիւնն ու Ազգ. Կրօնական Ժողովը, Ներքին Կանոնագրութեան Վերամշակման յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Ժողովին ընտրուած պատգամաւորներն ու փոխպատգամաւորները, որոնք լաւագոյնս պիտի ներկայացնեն Բերիոյ Հայոց Թեմը՝ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին:

Սրբազան հայրը յուսադրեց ժողովականները եւ մաղթեց, որ ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն դիմաց հաւատքի զօրութեամբ եւ գործակցութեամբ իրենց հայեացքը ուղղեն դէպի առաջ, միասնական աշխատանքով շարունակելու մեր ուսերուն դրուած քաղցր լուծը:
Մակար սրբազան խնդրեց Աստուծմէ, որ խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին, յատկապէս մեր հայրենիքներուն՝ Հայաստանին ու Արցախին եւ ծննդավայրին՝ Սուրիոյ: Ան քաջառողջութիւն ու բարօր տարիներ մաղթեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, քաջարի բանակին եւ պետական կառավարական աւագանիին։
Մակար սրբազան հաստատեց, թէ Բերիոյ Հայոց Թեմը կը շարունակէ մնալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անբաժան մէկ մասնիկը եւ պատմական թեմը: Ան որդիական զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ իր ցուցաբերած հայրապետական հոգատարութեան համար եւ քաջառողջութիւն ու արեւշատութիւն մաղթեց Նորին Սրբութեան, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ Հայ Եկեղեցին առաջնորդէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։
Ժողովը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳ. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

ՀԱԼԷՊ, 17-18/11/2022