20 Նոյեմբեր 2022-ին Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն ներս կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեանը պատուոյ գիրեր յանձնեց Հալէպի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան աշխատակից Շանթ Ուրիշիկեանին, «Վենիւս» լուսանկարչատան սեփականատէրեր Պերճ Պօղիկեանին եւ Հրաչ Պօղիկեանին, համակարգչային մասնագէտ Անդրանիկ Մանսուրեանին եւ Սուրիոյ մէջ Հ1 պատկերասփիւռային ընկերութեան թղթակից Մարիա Գաբրիէլեանին:
Ա.Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական խումբի ողջ անձնակազմին անունով` դրուատանքի խօսքեր ուղղեց պարգեւատրուած գործընկերներուն, որոնց ամէնօրեայ աշխատանքին շնորհիւ հայ մասնագէտները լաւագոյնս կը կատարեն իրենց ծառայողական պարտականութիւնները: