«Արմէնփրէս»._Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերքած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած տեղեկութիւնը:

«Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ստորաբաժանումները 27 Նոյեմբերի տեղւոյն ժամը 19։35-էն մինչեւ 28 Նոյեմբեր ժամը 08։10_ին կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի, Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատուութիւն է», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: