«Թերթ»._Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէն սկսած է Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանին վերադարձուած հայ զինուիրական ծառայողներու դիերուն նոյնականացման գործընթացը:

Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Քննչական Կոմիտէի մամլոյ քարտուղար Գոռ Աբրահամեան։

«Ինչպէս արդէն տեղեկացուած է, 28 Նոյեմբերին հակառակորդի կողմէն հայկական կողմին վերադարձուած է 13_14 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ իրականացուած զինուորական յարձակումի ընթացքին զոհուած եւ առ այսօր Ատրպէյճանի տիրապետութեան եւ վերահսկողութեան տակ գտնուած ՀՀ զինեալ ուժերու 13 զինուորական ծառայողներու դիեր։

Նկատի ունենալով բազմաթիւ բանաւոր հարցումները՝ հարկ կը համարեմ տեղեկացնել, որ նշեալ յարձակումը իրականացնելու փաստին առիթով ՀՀ Քննչական Կոմիտէի գլխաւոր վարչութեան ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 140-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտին եւ 149-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ կ’իրականացուին վերոնշեալէն բխող անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ։

Մասնաւորապէս սկիզբ առած է դիերու նոյնականացման գործընթաց, նշանակուած են դատաբժշկական եւ դատածիներու փորձաքննութիւններ։

Կ’իրականացուին անհրաժեշտ քննչական եւ վարութային գործողութիւններ», ըսուած է քննչական կոմիտէի մամլոյ քարտուղար Գոռ Աբրահամեանի դիմատետրի գրառումին մէջ: