Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի հայրապետական նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին, Շաբաթ, 26 եւ Կիրակի, 27 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Հալէպի ամենայայտնի սրահներէն՝ արուեստագէտներու արհմիութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ էսդրատային երեկոն, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի։
Երկու օրերուն նոյն յայտագիրը ընդգրկող ելոյթներուն սրահը ողողուեցաւ հայ եւ օտար երաժշտասէրներու բազմութեամբ: Հանդիսականները մեծ հաճոյքով եւ հիացմունքով վայելեցին իրենց հրամցուած երաժշտութիւնն ու երգերը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէիսեան, Պատկան Մարմինի անդամներ, մարզական, կրթական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն։
Հանդիսավարներն էին Քրիստ Փայասեան եւ Մարմանդ Գեւոյեան։
Ներկաները, քայլերգներէն ետք 1 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատաներուն յիշատակը: Ապա արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստ Փայասեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ակնարկեց երաժշտութեան կարեւորութեան եւ անդրադարձաւ ելոյթին նպատակին: «Երաժշտութիւնը կը միաւորէ ազգերը: Ան սնունդ է, որ կը բիւրեղացնէ մարդուն հոգին ու սիրտը: Երաժշտութեամբ մշակոյթ մը կը զարգանայ ու կը յառաջանայ, ուստի Սուրիոյ յաղթանակի տօնական այս ամիսներուն ձօնուած այս ելոյթը կը նուիրենք Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ Սուրիոյ յաղթական բանակին», ըսաւ ան։
Հայերէն բացման խօսքով Մարմանդ Գեւոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ էսդրատային արուեստը պարզաբանելով ըսաւ. «էսդրատայինը ժողովրդական նշանակութիւն ունեցող բառ է, որ կը նշանակէ մէկ ներկայացման մէջ քանի մը արուեստագէտներու ելոյթները համակցող բեմական արուեստ, որուն ընդմէջէն կը ներկայացուին երաժշտութեան բազմազան ժանրի ստեղծագործութիւններ»:
Բացման խօսքէն ետք Արամ խաչատուրեանի «Սուսերամարտ» երաժշտութեամբ բացուեցաւ բեմին վարագոյրը եւ պարզուեցաւ ճաշակաւոր գոյներով ու ծաղիկներով լուսազարդուած բեմը, որ հարստացաւ խումբի երաժիշտներուն ներկայութեամբ։ 24 արուեստագէտներ հանդէս եկան երաժշտական տարբեր գործիքներով՝ երգեհոն, հարուածային գործիքներ, քանոն, դաշնամուր, պաս եւ սօլօ կիթառ, շեփոր, սաքսոֆոն, ուտ, ֆլիւթ եւ ջութակ: Անոնց միացան 7 մեներգողներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ելոյթ ունեցաւ ձայնային իւրայաատուկ երանգով, ուժգնութեամբ, գեղեցկութեամբ եւ զգացականութեամբ: Յաջորդաբար հնչեցին հետեւեալ երգերը՝ «Կարաւան», մենակատար՝ Բիւզանդ Պէպէճեան, «Կը Սիրեմ Քեզ» (արաբերէն), մենակատար՝ մեղեդի Փամպուքեան, Կոմիտասեան երգերու շարան՝ «Երբ Սարէն Կու գամ» ,«Երկինքն Ամպել Է», «Քելէ-Քելէ », մեն.՝ Կալին Պալապանեան, «Je t’aime», մեն.՝ Կասիա Պաղտիկեան, անգլերէն ճազային երգերու շարան՝ «Ain’t No Sunshine», «Fame», «I Feel Good», մեն.՝ Ակաբէ Ֆրանգեան, «Սուրիա, Իմ Սէր» (արաբերէն) մեն.՝ Մարինէ Մարգարեան, Կասիա Պաղտիկեան, Մեղեդի Փամպուքեան, Լիւսի Յովհաննէսեան- Այվազեան, «Լամմա Պատա» (արաբերէն), մեն.՝ Լիւսի Յովհաննէսեան-Այվազեան, Մարինէ Մարգարեան, Կասիա Պաղտիկեան, «Կապոյտ Մանուշակ», մեն.՝ Մեղեդի Փամպուքեան, արաբերէն դասական երգերու շարան, մեն. Լիւսի Յովհաննէսեան- Այվազեան, անգլերէն ճազային երգերու շարան՝ «Summer Time», «Liber Tango», «Proud Mary», մեն.՝ Մարինէ Մարգարեան:
Արդարեւ բացառիկ խանդավառութիւն կը տիրէր թէ՛ հանդիսատեսին եւ թէ արուեստագէտներուն մօտ: Մօտաւոր երեք ամիսներու տքնաջան աշխատանքի եւ հետեւողական փորձերու արդիւնքն էր, որ կը վայելէին բոլորը։ Իւրաքանչիւր երգի աւարտին հանդիսավարները յայտագիրի երգերուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններով հարստացուցին ձեռնարկը։
Նուագախումբը կատարեց նաեւ Եոհան Սեպաստիան Պախի «Toccata and Fuga»-ն ու բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի յօրինած «Tequila»-ն, որուն ընթացքին կարգ մը երաժիշտներ առանձին երժշտ. նախադասութիւններով իրենց հմտութիւնը ի յայտ բերին։
Յայտագիրին վերջին երգն էր «Կիլիկիա»-ն, որ բոլոր մեներգողներու խմբային կատարումով ներկայացուեցաւ։
Ելոյթի Աւարտին հանդէս եկաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Աղպապեան, որ ներկայացուց խումբն ու նման ելոյթներու կարեւորութիւնը։
Ապա հանդիսավար Մարմանդ Գեւոյեան բեմ հրաւիրեց Սրբազան Հայրը՝ իր սրտի խօսքը ուղղելու։
Հայրապետական նուիրակը բարձր գնահատելով շնորհաւորեց էսդրատային նուագախումբը, որ լոկ 3 ամսուան ընթացքին պատրաստած եւ յաջողցուցած էր այդ ելոյթը իր եւ տպաւորութիւնները բաժնեկցեցաւ ներկաներուն հետ ըսելով. «Այսօր երգի եւ երաժշտութեան ճամբով ճեղքուեցաւ այն վարագոյրը, որ երկար տարիներ կը ճնշէր մեր վրայ եւ բացուեցաւ մեր դիմաց այն երթը, որ բոլորովին տարբեր տեղ մը առաջնորդուինք եւ իսկապէս բոլորովին տարբեր միջավայրի մէջ փոխադրեցիք մեզ: Մենք, այսօր, վայելեցինք այնպիսի ներկայացում մը, որ իր մէջ կը բովանդակէր միջազգայինն ու համաշխարհայինը, դասականն ու ժողովրդականը, տարբեր լեզուներով ու տարբեր ժանրերով»:
Աւելի քան երկու ժամ տեւող Էսդրատային նուագախումբի ելոյթը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Քրիստ Գարամանեան