Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 172-րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, թեմի երեսփոխաններու, Ազգ. Կրօնական ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ հիւրաբար ազգ․ մարմիններու ատենապետներու ներկայութեան` Բերիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան օրակարգով։

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական ընտրութեան առնչուող թեմի խնդրանքին, պաշտօնագիրով ուղարկեց առաջնորդական ընտրելիներու եռանուն ցանկ մը։ Ժողովը այնուհետեւ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնագիրը եւ եռանդամ ցանկի միաբաններու կենսագրական գիծերը։
Արդարեւ, փակ քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանը ընտրեց որպէս Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ։

Դիւան
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Երեսփոխանական ժողովի
Հալէպ, 2 Դեկտեմբեր 2022