2 Դեկտեմբերին, ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն ընդունած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը, վարչութեան անդամ Համեստ Սասունեանը, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քեշիշեանը եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը:

Քննարկուած են 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Արցախի մէջ իրականացուող ՀՕՄ-ի ծրագիրները, կարեւոր համարուած են յետպատերազմեան շրջանին իրականացուած նպատակային նախաձեռնութիւնները, խօսուած է յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: