ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդումին համաձայն, Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներ Փեթեր Վան Տալէն, Ֆրանսուա Խավիեր Պելամին, Լարս Փաթրիք Պերք, Ֆրանսուա Ալֆոնսին, Ֆապիօ Մասսիմօ Քաստալտըն եւ Անտրէյ Քովաչեւ 14 Սեպտեմբերին հանդէս եկած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին ու Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգային հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Փորէլին ուղղուած նամակով։

Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները հանգամանօրէն մատնանշած են Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակն ու յարձակումի շարունակման պարագային վերահաս աղէտալի հետեւանքները։ Պատգամաւորները նկատած են, որ 9 Նոյեմբեր 2020_էն վերջ ատրպէյճանցիները պարբերաբար փորձած են Արցախի մէջ հայ ժողովուրդին համար բարդ եւ անյուսալի պայմաններ ստեղծել՝ զինուորական սադրանքներ, հոգեբանական ահաբեկում եւ ձմրան ցուրտի պայմաններուն տակ կազի հոսքի դադրեցում։

Խորհրդարանականները Շառլ Միշէլին եւ Ժոզէֆ Փորէլին յորդորած են օգտագործել իրենց կարելիութիւնները՝ Եւրոպական Միութեան կողմէն որոշակի քայլեր ձեռնարկելու եւ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ նկատելով, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար թոյլ տալ ատրպէյճանական ահաբեկչական քաղաքականութեան շարունակականութիւն։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
16.12.2022 թ