Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Հասիչէ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութեամբ այցելեց Հասիչէի կուսակցապետ տիար Թրքի Ազիզ Հասանին։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Հասիչէի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, Գամիշլիի եւ Հասիչէի թաղականութեան անդամներ:

Սրբազան Հայրը, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ, ջերմապէս դիմաւորուեցաւ կուսակցապետին եւ պետական պաշտօնեաներուն կողմէ:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան սուրիական հայրենիքին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները:
Կուսակցապետը յայտնեց, թէ Սուրիոյ ժողովուրդը իր բոլոր բաղադրիչներով կը գործէ միասնական ոգիով, որուն շնորհիւ պիտի կարենայ դուրս գալ պատերազմին ձգած հետքերէն:
Ան պարզեց, թէ Սուրիոյ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող համերաշխութիւնն ու եղբայրական յարաբերութիւնը օրինակ կը հանդիսանան ողջ աշխարհին։
Կուսակցապետը շնորհաւորեց նորընտիր Առաջնորդը եւ օրհնաբեր ու բարի ծառայութիւն մաղթեց անոր։

Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Ճեզիրէ շրջանէն ներս իր տուած հովուական այցելութեան: Ան հիացմունքով յայտնեց Ճեզիրէի մէջ տիրող իսլամ-քրիստոնեայ, նոյնպէս քրիստոնեայ եկեղեցիներուն սերտ գործակցութեան եւ անկեղծ փոխ-յարաբերութեան, որ իսկական պատկերը կը ներկայացնէ Սուրիոյ ժողովուրդին։
Մակար Սրբազան հաստատեց, թէ սուրիահայութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ սուրիական հայրենիքին, հաւատարմութիւն մը, որ կու գայ մեր պատմութեան խորքէն եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս։
Սրբազան Հայրը աղօթեց Սուրիոյ բանակին եւ անոր վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար ալ-Ասատին համար, մաղթելով, որ Սուրիան վերագտնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը։
Սրբազան Հայրը գնահատեց կուսակցապետին ցուցաբերած գործակցութիւնը հայ համայնքին նկատմամբ եւ Նոր Տարուան առիթով քաջառողջութեան եւ յաջողութեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։
Հանդիպումը ընթացաւ դրական մթնոլորտի մէջ եւ առիթ հանդիսացաւ գործակցութեան: