Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եւ Գամիշլիի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագին ներկայ գտնուեցան շրջանի ազգ. երեսփոխաններ, պատկան մարմինի ներկայացուցիչներ, Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի թաղական խորհուրդները, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւններն ու տնօրէնները, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը, գամիշլիահայութեան բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութիւններու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները եւ Գամիշլիէն, Հասիչէէն եւ Տերիքէն ժամանած ուխտաւոր ժողովուրդը:

Սրբազան Հայրը դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի:
Սրբազան Հօր Ս. Պատարագի զգեստը նուիրած էր Գամիշլիի Եկեղեցասիրաց Տիկնաց Միութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. ՔՀնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան: Ս. Խորանին սպասարկեցին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան եւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, հոգեթով շարականներով համակեց հաւատացեալներուն հոգիները:

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, անդրադառնալով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի Ճեզիրէ շրջանին տուած եռօրեայ հովուական օրհնաբեր այցելութեան, որդիական ջերմ սիրով եւ երախտագիտութեամբ, Ճեզիրէի ժողովուրդին անունով բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ աղօթք բարձրացնելով առ Ամենաբարին Աստուած, մաղթեց, որ Ամենակալը Սուրբ Հոգիի շնորհքներով առաւել ուժ եւ կորով պարգեւէ Սրբազան Հօր, որպէսզի իմաստութեամբ առաջնորդէ հաւատացեալ հօտը եւ առաւել մօտեցնէ զայն Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր՝ բարի եւ քաջ հովիւին աստուածաշնչական հատուածը (Յհ 10.11-16), որուն ընդմէջէն ան հաստատեց, թէ Քրիստոս է դուռէն ներս առաջնորդող ճշմարիտ եւ իրաւ հովիւը, որ կը մտահոգուի Իր ոչխարներով եւ իրենց անուններով կը կանչէ, որպէսզի լեցուն կեանք ունենան:

Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ մեծ սուրբին՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնը յիշատակելու: Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը, երբ ճանչցաւ Քրիստոսը, երբ հաղորդակից դարձաւ Աստուծոյ կենդանի խօսքին հետ՝ արհամարհեց ժամանակաւորը, անտեսեց աշխարհայինը, լքելով հեռացաւ եւ ինքզինք որպէս հնազանդ ոչխար յանձնեց Քրիստոս բարի հովիւին, որ իր մէջ ներգործելով, Սուրբ Հոգիի կենդանի զօրութեամբ զայն պճնեց եւ շնորհազարդեց հրաշագործութեան եւ բժշկութեան կարողութեամբ, լեցուց աստուածային իմաստութեամբ եւ տուաւ անոր այդ շնորհքը, որպէսզի մարդիկը ապաշխարութեան հրաւիրէ, Աստուծոյ խօսքով կերակրէ եւ գօտեպնդելով առ Աստուած առաջնորդէ»:

Մակար Սրբազան ներկաներուն պատուիրեց չմերժել Քրիստոս հովիւին քաղցր հրաւէրը, այլ ճանչնալ Անոր ձայնը եւ յօժարակամ յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին:
Ապա, Սրբազան Հայրը կատարեց մատաղօրհնէքի արարողութիւն։

Յիշենք, որ օր մը առաջ, Սրբազանը այցելած է մատաղի պատրաստութեան վայրը, ուր իր օրհնութիւնը փոխանցելով՝ առաջին կրակը վառած է։

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ դուրս եկաւ եկեղեցիէն, ապա թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Առաջնորդական Փոխանորդութեան շրջափակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբին, տարազաւոր սկաուտներուն, դպրաց դասին եւ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ:

Տօնական մթնոլորտի մէջ, ներկաները հոգեկան ցնծութեամբ միասնաբար երգեցին Հայրապետական մաղթերգը։
Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, բարձրօրէն գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, որ լաւագոյնս կազմակերպած էր Սրբազան Հօր հովուական անդրանիկ այցելութեան դիմաւորութիւնը, խնդրելով ներկաներուն ծափողջոյնները: Ան գնահատեց Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը, ազգային երեսփոխանները, պատկան մարմինի անդամները, Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի թաղականութիւնները, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւններն ու տնօրէնները, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները եւ գամիշլիահայութեան բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւնները, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մեծ սիրով կը շարունակեն իրենց վստահուած ազգանուէր ծառայութիւնը:

Սրբազան Հայրը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց գամիշլիահայութեան, մաղթելով որ եղբայրասիրութեամբ, համերաշխութեամբ եւ համագործակցութեամբ հաւաքաբար շարունակեն առաւել պայծառացնել գամիշլիահայութեան կեանքը։
Ան շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրողները եւ արեւշատ օրեր մաղթեց բոլորին:

Աւարտին, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր՝ ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդներուն հետ, ներկայութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի։ Սրբազան Հայրը տօնական բարեմաղթութիւններ փոխանցելով գնահատեց անոնց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։

Հայր Սուրբն ու Քահանայ Հայրը, երեք թաղականութիւններու ատենապետներուն մասնակցութեամբ, Սրբազան Հօր նուիրեցին Ս. Խաչ մը եւ պանակէ մը, իր առաջնորդական ընտրութեան եւ հովուական անդրանիկ այցելութեան առիթներով։