«Գանձասար»- Հա՛յր սուրբ, հակառակ ձեր բազմազբաղ ըլլալուն որպէս Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ եւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի դասատու, ստանձնեցիք «Կիլիկիա» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը։ Երգչախմբային ոլորտի ձեր հետաքրքրութիւնը ուրկէ՞ ծնունդ առած է։

Հայր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան- Դպրեվանքին մէջ եկեղեցական երաժշտութեան մարզին առնչուող ինծի վստահուած պաշտօնները երեւան բերին ու զարգացուցին երաժշտական հակումներս։ Միւս կողմէ Լիբանանի Համազգայինին կազմակերպած թատերական բեմադրական եւ դերասանական դասընթացքին ալ հետեւած ու վկայուած եմ։ Ուստի առաջարկեցի Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան թատերական կամ երաժշտական աշխատանք մը սկսիլ եւ յարմար նկատեցինք Քեսապի Համազգայինի «Կիլիկիա» երգչախումբը վերստին կեանքի կոչել օրուան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հաւանութեամբ եւ օրհնութեամբ։

«Գ.»- Փորձերը հեզասահ ընթացա՞ն։ Դժուարութիւններ դիմագրաւեցի՞ք երգչախմբային փորձերու վերսկսման նախաձեռնելով։

Հ. Ա. Վ. Ք. – Հիմնական դժուարութիւնը երգչախումբի անդամներու երաժշտական գիտելիքներու անբաւարար ըլլալն էր, հակառակ անոր որ ոմանք Համազգայինի կազմակերպած սոլֆեժի եւ ձայնամարզութեան դասընթացքին հետեւած էին։ Այդուհանդերձ անոնց հետեւողական աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ եւ այս դժուարութիւնը հարթուեցաւ։ Միւս դժուարութիւնը երթեւեկութեան հարցն էր, նկատի ունենալով երկրի տնտեսական եւ վառելանիւթի տագնապները։ Այդ հարցն ալ վարչութեան հետ խորհրդակցաբար լուծեցինք եւ այսպիսի պայմաններու մէջ, երգչախումբի անդամներուն կարելիութիւններու լարումով յաջողեցանք բեմ հանել «Կիլիկիա» երգչախումբը ու մեր լաւագոյնը ներկայացնել քեսապահայութեան։

«Գ.»- Խօսի՞նք երգացանկին մասին։ Ինչպիսի՞ երգեր ընտրեցիք։

Հ. Ա. Վ. Ք. – Նկատի ունենալով մեր ազգային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը, հայրենիքի թէ Արցախի իրադարձութիւնները, երգացանկին մէջ ներառեցինք քեսապահայութեան սրտին խօսող ազգային-ժողովրդական 18 երգեր՝ բարձր պահելու մեր ժողովուրդի ազգային ոգին։ Համերգը փակեցինք համազգային միասնութեան խորհուրդը հնչեցնող «Հայե՛ր, Միացէք» երգով։

«Գ.»- 28 Դեկտեմբերին, Նոր տարուան սեմին կրկին ելոյթ պիտի ունենայ «Կիլիկիա» երգչախումբը ձեր խմբավարութեամբ Ի՞նչ նորութիւններ պիտի հրամցնէք այս համերգով։

Հ. Ա. Վ. Ք. – Համերգը նուիրուած է Ս. Ծնունդին եւ Նոր տարուան։ Վերջերս երբ Լիբանան էի, վարդապետական ձեռնադրութեան առիթով, այս միտքը յղացայ։ Կը հաւատանք, որ Ս. Ծնունդի երգերով, Քրիստոսի Ծնունդը աւետելով հանդիսականներու հոգիներուն մէջ յոյս եւ ուրախութիւն պիտի սփռենք, որպէսզի անոնք, յաղթահարելով ներկայ դժուարութիւնները, Նոր տարին սկսին հոգեկան վերանորոգ լիցքով, վերականգնումի տեսլականով։

«Գ.» – Հա՛յր սուրբ, այս համերգի նախապատրաստման փորձերուն նկատելի էր երգչախումբի թիւին աճը։ Այս անգամ պատանինե՞ր ալ ներգրաւուած են երգչախումբին մէջ։

Հ. Ա. Վ. Ք. – Մեր առաջին ելոյթին՝ 28 Յուլիս 2022-ին, անդամներու թիւը 28 էր։ Համերգէն խանդավառուած ու ներշնչուած, շատեր փափաք յայտնեցին միանալու խումբին, ու մեր թիւը հասաւ 50-ի։
Ամանորեան ելոյթին փոքրեր ալ կը մասնակցին, որովհետեւ Ս. Ծնունդի երգերու մեկնաբանութիւնը փոքրերու կողմէ աւելի հոգեհարազատ կը հնչէ։

«Գ.»- Հարցազրոյցի աւարտին ի՞նչ կ՚ուզէք աւելցնել, հա՛յր սուրբ։

Հ. Ա. Վ. Ք. – Նախ կ՚ուզեմ փառք տալ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթ պիտի ունենանք բեմ բարձրանալու։
Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին՝ համերգի հովանաւորութեան եւ անոր անձամբ ներկայ գտնուելու փափաքին համար։ Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, որ թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ երգչախումբին։ Շնորհակալութիւն «Կիլիկիա» երգչախումբի անդամներուն, որոնք բազում զոհողութիւններով հետեւեցան փորձերուն ու նպաստեցին խումբի յաջողութեան։ Վերջապէս շնորհակալութիւն «Գանձասար»-ին եւ ձեզի՝ այս հարցազրոյցին համար։

Հարցազրոյցը վարեց
Սեւան Մանճիկեան