Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2022-ի կէս գիշերուան ժամը 00:30-ին, Իսրայէլ Թապարիայի հիւսիսարեւելեան շրջանէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի ուղղութեամբ։
Այս առիթով ՍԱՆԱ յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով երկու զինուոր վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։