Կիրակի, 25 Նոյեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ – Ասատ շնորհաւորեց Սուրիոյ քրիստոնէական համայնքները՝ Ս. Ծնունդին առիթով։
Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահական հարցերու նախարար Մանսուր Ազզամ նախագահ Ասատին շնորհաւորանքները փոխանցեց քրիստոնեայ համայնքապետներուն, որոնք իրենց կարգին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեցին նախագահ Ասատին, խնդրելով Ամենակալէն պահպանել Սուրիան, Սուրիոյ ժողովուրդը, ղեկավարութիւնն ու բանակը, լոյսի մէջ պահել Սուրիոյ նահատակներուն հոգիները եւ իւրաքանչիւր սուրիացի ընտանիքի ուժ եւ համբերութիւն պարգեւել, որպէսզի կարենան դիմագրաւել երկրին մէջ տիրող դժուար պայմանները։