Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան։
Նախագահ Յարութիւնեան Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ Ատրպէյճանի կողմէ բնապահպանական կեղծ պատրուակներով Արցախը մայր Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի շրջափակումով, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտը կանխելու նպատակով տարուող աշխատանքները։

Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, նախագահին փոխանցեց Արցախի գծով իր կատարած աշխատանքները՝ յատկապէս միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքները եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց արցախահայութեան՝ նշելով, որ իր աղօթքներուն մէջ միշտ ներկայ է Արցախը եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ հովանին զօրավիգ ըլլայ Արցախին ու անոր ժողովուրդին։