Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կրկին դիմած է միջազգային հանրութեան` Արցախի ապաշրջափակման համար համարժէք գործիքակազմ կիրարկելու խնդրանքով:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«12 Դեկտեմբերէն Ատրպէյճան փակած է Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհը` ապօրինաբար շրջափակելով Արցախը եւ արհեստականօրէն ստեղծելով ծանր մարդասիրական պայմաններ Արցախի 120 հազարնոց բնակչութեան համար:
Շրջափակման պատճառով կը խախտուին Արցախի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքները: Մարդիկ զրկուած են ազատ տեղաշարժի, պատշաճ բուժօգնութիւն ստանալու իրաւունքէն եւ կենսական նշանակութեան ապրանքներու մատակարարումէն:
Ստեղծուած իրավիճակը Ատրպէյճանի կողմէ տարիներ շարունակ վարուող հայատեաց քաղաքականութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է:
Արցախի արտաքին գերատեսչութիւնը շրջափակման օրէն առ այսօր բազմաթիւ նամակ-դիմումներ յղած է տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու` հաւաստի տեղեկատուութիւն տրամադրելով ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ եւ հայցելով համապատասխան աջակցութիւն` Արցախի ապաշրջափակման համար:
Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ անվերապահօրէն պէտք է արժանանայ կոշտ արձագանգի»: