Առանց հայկական կողմի մասնակցութեան 23 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը՝ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրը քննարկելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։

Բանակցութիւնները նախատեսուած էին եռակողմ ձեւաչափով, հայկական կողմը, սակայն, խնդրած էր յետաձգել զայն` նշելով, որ այս պահուն նախարար Միրզոյեանի գերխնդիրը Լաչինի միջանցքի բացումը եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած հարցերը լուծելն է:

Լաւրով, սակայն, ափսոսանք յայտնեց այդ որոշման առիթով ու պնդեց, որ աւելի յաճախ պէտք էր հանդիպել: «Մենք այդ հանդիպումին պատրաստուած ենք, բայց, դժբախտաբար, վերջին պահուն մեր հայ գործընկերները հրաժարեցան Մոսկուա գալէ` այդ մէկը բացատրելով գետնի վրայ ստեղծուած իրավիճակով: Ինչ հարցեր ալ ծագին գետնի վրայ, ես համոզուած եմ, որ առաւել եւս պէտք է պարբերաբար հանդիպիլ, պայմանաւորուիլ, ամրապնդել վստահութիւնը եւ պայմաններ ստեղծել բոլոր հարցերը լուծելու», ըսաւ Լաւրով:

Աւելին, Լաւրով առանց թափանցիկ ակնարկներու պնդեց, թէ համաձայնութիւններէն հրաժարելու պարագային, նոր վտանգներ կը սպառնան։ «Այդ միջադէպերը պիտի շարունակուին աւելի երկար եւ աւելի մեծ պիտի ըլլան, եթէ ամէն անգամ որեւէ միջադէպէ ետք կողմերէն մէկը հրաժարի համաձայնեցուած բանակցային փուլէն: Ասիկա ոչ մէկուն օգուտ կը բերէ», յայտարարեց ան։

Խօսելով բուն` Լաչինի միջանցքի իրավիճակին մասին` Լաւրով ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց, որ Ռուսիա կողմ է, որ ճամբան արագ ու բոլորովին բացուի: Սակայն, նախարար Լաւրով աւելցուց, որ Մոսկուան կողմ է, որ լուծուին նաեւ հանքերու շահագործման վերաբերող տարակարծութիւնները:

Մեկնաբանելով ռուս խաղաղապահներու հասցէին Երեւանէն հնչող մեղադրանքները` Լաւրով զանոնք անուանեց անհիմն, իսկ այլընտրանք փնտռողներուն եւ այդ մասին յայտարարողներուն հարցուց՝ իսկ միւս կողմը համաձա՞յն է այդ առաջարկին:

«Եթէ մէկը կը կարծէ, թէ ՄԱԿ_ը, ԵԱՀԿ_ը կամ Մինսքի խումբին մէջ որեւէ փաստահաւաք առաքելութիւն պիտի փոխարինէ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը, այստեղ առնուազն քանի մը հարց կը ծագի՝ նախ պէտք է կողմերուն համաձայնութիւնը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի: Եթէ կայ նման հետաքրքրութիւն, նախ պէտք է առաջարկ ներկայացուի, բանակցութեան դրուի: Բայց եթէ անիկա կը կատարուի հանրային` խօսափողով, ուրեմն անոր հետ այդպէս ալ պէտք է վերաբերիլ», յայտարարեց Լաւրով`աւելցնելով. «Առաւօտեան յանպատրաստից յայտարարութիւններ ընելու փոխարէն` այդ ալ խորհրդարանին մէջ, ի լուր աշխարհին, կարելի էր խորհրդակցութիւններ կատարել, խորհուրդներ ստանալ` զո՞վ հրաւիրել կարգաւորելու այս կամ այն հարցերը»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին, կրկնեց այն, ինչը Պաքուն կը յայտարարէր արդէն 12 օր է` «Լաչինի միջանցքը շրջափակուած չէ», մարդկային ճգնաժամի մասին պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ:

Հոն կանգնած ցուցարարները եւ Ատրպէյճանի ապահովական ուժերու աշխատակիցները, ըստ Պայրամովի, ոեւէ մէկուն վտանգ չեն սպառնար, աւելի՛ն, պնդեց, որ «Ղարաբաղ գացող հայերը կրնան ապահով անցնիլ Ատրպէյճանի մնացած տարածքով»:

Պայրամով դարձեալ մեղադրանքներու տարափ տեղացուց հայկական կողմի հասցէին՝ յատկապէս նշելով այդ միջանցքով «ականներ տեղափոխելը», հայկական զօրամիաւորումներու մնացեալ մասը Արցախէն դուրս չբերելը:

Պայրամով ծաւալուն իր ելոյթին մէջ քանի մը անգամ նշեց Արցախի բնակիչներուն հետ դրական կապերուն, դարձեալ համարկուելու յաջող փորձերուն մասին, միաժամանակ պնդելով, թէ «հաշտեցման կը խանգարէ Ռուբէն Վարդանեան»՝ հաստատելով, որ ան անյապաղ պէտք է հեռանայ։