ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը 28 Դեկտեմբերին Մատենադարանէն նախաձեռնած էր երթ դէպի կառավարութեան շէնք:

Երթը կը կրէր «Իրական Մեղաւորը» խորագիրը եւ նպատակ ունէր ցոյց տալ, որ իրավիճակի հանգուցալուծման առաջին պատասխանատուները Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններն են, որոնք, սակայն, որեւէ քայլի չեն ձեռնարկեր աւելի քան 2 շաբաթէ ի վեր ամբողջական շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը մայր հայրենիքի հետ կապող կենսական ճանապարհին բացման համար:

Մասնակիցները բարձրացուցած էին «Ցոյց տանք աշխարհին, որ հայը ապրելու իրաւունք ունի», «Առանց Արցախի չկայ խաղաղութիւն», «Ես հայրենիք եմ ուզում, դրա համար էլ դիմադրում եմ», «Բացէ՛ք Արցախի ճանապարհը», «Մէկ մարդ չի կարող որոշել բոլորի ճակատագիրը», «Արցախի կողքին ենք», «Արցախը բեռ չէ, զրահաբաճկոն է» գրութիւններով ցուցապաստառներ:

«Այսօրուան երթի նպատակն է նախ ցոյց տալ, որ եղած ենք, կանք ու պիտի ըլլանք Արցախի կողքին, Արցախի ժողովուրդի, անոր ինքնորոշման կողքին, արցախահայութեան կողքին, որ ամուր կանգնած է իր հողին վրայ ու ոչ մէկ վայրկեան նահանջի մասին կը մտածէ», երթի մեկնարկին յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան:

Քայլերթը Մատենադարանէն շարժեցաւ դէպի կառավարութեան շէնք: Երթի մասնակիցները ժամանակ առ ժամանակ կը վանկարկէին «Արցախ, Արցախ»:

Կառավարութեան շէնքին մօտ` ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան իր ելոյթի ընթացքին խօսքը ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն:

«Որո՞ւն համար պէտք էք դուք, որ ո՛չ միայն չէք կրնար որեւէ անվտանգային խնդիր լուծել, այլ ամէն անգամ, այսպիսի ճգնաժամերու ժամանակ, թշնամիին հետ ձեռք-ձեռքի տուած, կը թիրախաւորէք հայն ու հայութիւնը», շեշտեց ան:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Գոռ Վարդանեանի համաձայն, Արցախը շրջափակման մէջ է, իսկ կառավարութիւնը ոչինչ կ՛առաջարկէ եւ ամէնէն բարձր մակարդակով կը յայտարարէ, որ իրաւունք չունի այդ գործընթացին խառնուելու:

Ցոյցի ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Առաջին օրէն մեր աշխատանքը եղած է շատ յստակ եւ ուղիղ: Ռուս խաղաղապահները ունին լիազօրութիւն, ունին առաքելութիւն, որ պէտք է պատշաճ իրականացնեն, բայց այդ չի նշանակեր, որ այս շէնքին մէջ գտնուող պաշտօնեաները պէտք է իրենց ձեռքերը լուան Արցախէն, եւ 120.000 մարդ գտնուի շրջափակման մէջ, եւ ըսեն` «մենք պատասխանատուութիւն չունինք»:

«9 Նոյեմբերի փաստաթուղթը ինք ստորագրած է, ինք պատասխանատուութիւն կը կրէ 120.000 քաղաքացիներու ճակատագիրին համար, հետեւաբար պէտք է յիշեցնենք, որ դուք պարտաւոր էք լուծել այդ խնդիրները: Դուք չէք կրնար ըսել մեղաւոր են ռուսերը, ղարաբաղցիները, նախկինները, ընդդիմադիրները, եւ խուսափիք ձեր բուն առաքելութենէն եւ պարտականութենէն: Որեւէ պետութեան մէջ նախ եւ առաջ տուեալ պետութեան իշխանութիւնը կը կրէ պատասխանատուութիւն իր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար: Իրենք կը փորձեն հրաժարիլ իրենց հիմնական գործառոյթէն, պէտք է ատիկա անընդհատ եւ ամէն օր յիշեցնել անոնց», ըսաւ ան:

Խօսելով միջանցքի մասին` Սաղաթէլեան յայտնեց, որ իրենց դիրքորոշումը եղած է շատ յստակ. «Հակառակ անոր որ կը փորձեն անընդհատ խաբել, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ չի կրնար ըլլալ միջանցք, բայց մենք առաջին անգամը չենք ըսեր, ըսած ենք բոլոր հանրահաւաքներուն, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանը չի կրնար ունենալ միջանցք: Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Միութեան, ես չեմ գիտեր` այդ ի՛նչ երեւակայութիւն է, ի՛նչ հարց է: Թող ըսեն իրենցմէ որո՞ւն ճնշած են, ինչպէ՞ս ճնշած են: Շատ յստակ Ռուսիայէն եղաւ պաշտօնական արձագանգ, եւ դժբախտութիւն է, երբ քու երկրիդ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին կ՛ըսեն` սադրիչ է: Եթէ նման բան կայ, թող անուններ հնչեցնեն, թող հնչեցնեն անուններ, մենք ալ տեսնենք ուր քննարկուած է, կա՞յ արդեօք նման խնդիր, հարց, թէ որոշ արեւմտամէտ գործակալներ կը փորձեն որոշ տրամադրութիւններ ստեղծել», ըսաւ ան:

Ցոյցի մասնակիցներու հասցէին հնչեցուած մեղադրանքներու մասին խօսելով Իշխան Սաղաթէլեանը ըսաւ, որ Ալիեւի հետ կ՛աշխատի Նիկոլը Փաշինեանը, իր ընտանիքը, ու աշխատած են անցնող երկու տարուան ընթացքին. «Ո՛չ միայն աշխատած են, այլ նաեւ կը սպասարկեն Ալիեւի եւ Էրտողանի շահերուն: Երկիրը այս իրավիճակին բերած հասցուցած են իրենք, եւ ճանապարհը փակած է Նիկոլը` Ալիեւի հետ միատեղ: Այդ եղած է իր գործունէութեան հետեւանքը: Այդ եղաւ այն օրէն, երբ յայտարարեց նշաձողը իջեցնելու մասին», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ցոյցի աւարտին երթի մասնակիցները «մեղաւոր» գրութեամբ խորհրդանշական սլաքներ ձգեցին կառավարութեան շէնքին գլխաւոր մուտքին մօտ: