Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2022-ին, Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարն ու սուրիական գաղտնի սպասարկութեան վարչակազմի տնօրէնը հանդիպում մը ունեցան իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ, Ռուսիոյ մասնակցութեամբ։
Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է եւ կողմերը խորհրդակցած են այլազան նիւթերու շուրջ, ինչպէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջոցներուն, Սուրիոյ իրավիճակին ու տեղահանուածներուն հարցին, շեշտելով Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի իրավիճակին լուծման գծով միացեալ երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը։